ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ԶՕՐԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Երէկ, համայնքային շրջանակները ժամադրուած էին Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւնները տեղի ունեցան Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Թոփգաբուի վարժարանը երկար տարիներէ ի վեր գոյատեւման պայքար կը մղէ՝ յարատեւութեան փորձութիւնները դիմագրաւելով համայնքի զօրակցութեամբ։ Այս տարի եւս կացութիւնը նոյնն է եւ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը անկոտրում կամքով յառաջ կը տանի այդ պայքարը։ Երէկ, պիւտճէի բացը 25 միլիոն թրքական լիրա էր եւ արդիւնքն հանգանակուեցաւ 20 միլիոն լիրա։
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին Մայր եկեղեցին, ուր Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հանդիսապետութեամբ մատուցուած Ս. Պատարագին մասնակցեցաւ նաեւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտներէն բազմանդամ խումբ մը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Օրուան պատգամը տուաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ս. Պատարագին յաջորդեցին հոգեհանգստեան պաշտօն եւ մատաղի օրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններու աւարտին, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան։
Սեղաններու շուրջ համախմբուած էին՝ երախտաշատ բարերարներ, ծանօթ ազգայիններ, համայնքային գործիչներ, զանազան հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։
Ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները, որոնք Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ իրենց զօրակցութիւնը արտայայտելու փութացած էին։ Նուրհան Սուճուեան եւ վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան ներկաներուն խօսք ուղղեցին՝ բացատրութիւններ տալով դպրոցի գործունէութեան եւ կարիքներուն շուրջ։ Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ դպրոցի տղաքը արժանացան բուռն ծափահարութիւններու՝ իրենց իսկապէս յաջող ելոյթներով, որոնք խանդավառեցին մթնոլորտը։
Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ հաւաքոյթը աւարտին հասաւ միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով։
