ԽՈՐՔԱՅԻՆ ՀԱՅԵԱՑՔ

«Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի թրքերէն տարբերակի առաջին ներկայացումը փայլուն անցաւ։ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած փառաշուք կալան համախմբեց ընտրանի մը, որու մէջ ուշադրութիւն գրաւեցին հասարակութեան զանազան խաւերէ հեղինակաւոր ներկայացուցիչներ։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» կեդրոնի համագործակցութեամբ արտադրուած գործին ողջունելի ու պատկառելի արդիւնքը հերթական անգամ գնահատուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկը պատուեցին նաեւ Իսթանպուլի փոխ-կուսակալ Ասըմ Ալքան եւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը։ Ծրագրի բարերար Պետրոս Շիրինօղլուի յուշանուէրը յանձնուեցաւ ջերմ ծափողջոյններու ներքեւ։

*

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս վերջին շրջանին ողջունելի դէպքի մը վերածուած է «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ժապաւէնի ներկայացումը։ Այս ֆիլմը իսկապէս աննախընթաց է՝ քանի առաջին անգամ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութիւնը, գործունէութիւնն ու դերակատարութիւնը կը մատուցուի, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ամբողջին մէջ զբաղեցուցած դիրքով հանդերձ՝ որպէս Նուիրապետական Աթոռ։ Այս ֆիլմը խորքային աչքով մը կը դիտարկէ նիւթը։ Անոր հայեացքը թէեւ ուղղուած է Պատրիարքական Աթոռի ոդիսականին վրայ, սակայն, տասնամեակներու, նոյնիսկ դարերու հոլովոյթի մեծ պատկերը կը ցոլանայ ինքնութեան նիւթի վրայ։ Այդ ինքնութիւնը պայքարներու, մաքառումներու բովով անցած է եւ այսօր անոր ելեւէջները, ձեռքբերումներն ու ձախողումները ուսանելի դարձած են՝ յարատեւութեան տեսանկիւնէ։

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» փաստավաւերագրական կեդրոնի համագործակցութեամբ արտադրուած այս ֆիլմը ուշագրաւ է իր սահմանումներով, նիւթին նկատմամբ նախընտրութիւններով, դէպքերու եւ դէմքերու վրայ դրուած շեշտադրումներով եւ, ընդհանրապէս, մօտեցումով մը, որ կը հասնի միջգիտաճիւղային գործ մը ըլլալու եզրին։ Ֆիլմի բեմագիր Տիգրան Պասկեւիչեան այդ գործը գլուխ հանած է իսկապէս վարպետութեամբ՝ ի գործ դնելով իր ամբողջ մտաւորական կարողութիւնը։ Այդ ծաւալուն աշխատանքի ընթացքին լուրջ նպաստ բերուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքէն պատմաբան Այլին Գօչունեանի եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ։ Այս եռեակին ներդրումով պանծացած է աշխատանքը՝ մինչ ֆիլմին համար մասնաւոր հարցազրոյցներով տեսակէտը շօշափուած տասնեակ մասնագէտները աննկարագրելի խորք մը ապահոված են գործին։ Ֆիլմը համադրութիւն մըն է այնպիսի պատմութեան մը, որու բազում դրուագները թէեւ միանշանակ մօտեցման առարկայ չեն, սակայն, բոլոր նրբերանգները հաշուի առնելով՝ փորձուած է հնարաւորինս առարկայական պատկեր մը մատուցել, անաչառութիւն հանդէս բերել տեսակէտներու զանազանութեամբ։

Շաբաթավերջին, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի թրքերէն տարբերակի առաջին ներկայացումը։ Սա իսկապէս փայլուն կալա մըն էր, որ համախմբեց հասարակութեան զանազան խաւերէ հեղինակաւոր ներկայացուցիչներ։ Փառաշուք ցերեկոյթը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի բարձր հովանաւորութեամբ։ Հրաւիրեալներու ընտրանին, որ բաղկացած էր վառ դէմքերէ եւ իրենց բնագաւառներէ ներս յայտնի անձնաւորութիւններէ, հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ ցուցադրութեան՝ Ս. Որդւոց Որոտման տաճարին մէջ, որ այժմ կ՚օգտագործուի նաեւ իբրեւ մշակոյթի կեդրոն։

Այս ֆիլմի արեւմտահայերէն տարբերակի կալան տեղի ունեցած էր անցեալ հոկտեմբերին, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին օրը։ Յաջորդած էր նախորդ ամիս Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած անգլերէն տարբերակի կալան։ Իսկ շաբաթավերջին այս անգամ թրքերէն տարբերակի փրէօմիէրին հասած էր հերթը։ Ծանօթ է, որ այս ֆիլմը կը ներկայացուի՝ ի նշանաւորումն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան հնգամեայ յոբելեանին։ Ան ձօնուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անմոռանալի եւ բարեյիշատակ աւագ խմբագիր Մարտիրոս Գօչունեանի մահուան 50-րդ տարելիցին։ Նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի բարերարութեամբ։ Ներկայացումներու շարքը ձօնուած է նորոգ հանգուցեալ ազգային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլի յիշատակին։

Ֆիլմի թրքերէն տարբերակի կալան բնորոշուեցաւ նաեւ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի տեսակէտէ պատուաբեր պարգեւատրումով մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արեւմտահայերէն տարբերակի առաջին ցուցադրութեան շքանշան մը շնորհած էր ֆիլմի բեմագիր Տիգրան Պասկեւիչեանին։ Նորին Ամենապատուութիւնը թրքերէն տարբերակի առաջին ցուցադրութեան Այլին Գօչունեանը պարգեւատրեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի «Օրմանեան» շքանշանով եւ օրհնութեան գիրով։ Հարկ է նշել, որ Այլին Գօչունեան եղած էր այս ֆիլմի արտադրութեան մղիչ ուժերէն մին, ծրագրի գլխաւոր խորհրդականներու շարքին էր ու մանաւանդ զանազան լեզուներով բեմագրութիւններու համեմատական թարգմանութիւնները կատարած էր։

Բացի Իսթանպուլի փոխ-կուսակալ Ասըմ Ալքանէն, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բարձր հովանաւորութեամբ եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած կալան պատուեցին՝ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը, Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին, Հայ աւետարանական եկեղեցիէն վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան ու երէցկինը Սիլվա Տամատեան եւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ցերեկոյթի մասնակիցներու շարքին էին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեան, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, ներկայացուցչութեան խորհրդական Անահիտ Չալիքեան, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը եւ այս վերջնոյն գրասենեակի պատասխանատուն՝ Մութեպէր Եըլմազճան, պատմաբաններ, իրաւաբաններ, ակադեմականներ, մտաւորականներ, հրապարակագիրներ՝ բոլորն ալ լայն հասարակութենէն ծանօթ դէմքեր։ Ձեռնարկի բնոյթը այնպէս մըն էր, որ պոլսահայ շրջանակներու ներկայացուցիչները ձեւով մը հիւրընկալի կարգավիճակ ունէին։ Այսպէս, մեր համայնքէն ալ շարք մը ընտրուած վարիչներ, հասարակական գործիչներ, վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներ կամ տնօրէններ, կրթական մշակներ, արուեստագէտներ եւ թերթիս համակիր այլ դէմքեր։ Կարգադիր յանձնախումբը ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ բոլոր ներկաներուն նկատմամբ՝ վերահսկելով ընդհանուր ընթացքը։

«Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի թրքերէն տարբերակի կալայի յայտագիրը գործադրուեցաւ Գարոլին Մամիկոնեանի հանդիսավարութեամբ։ Ան հանդէս եկաւ բացման խօսքով։ Գարոլին Մամիկոնեան ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ թրքահայ համայնքի հայաշխարհէ ներս ընդհանուր ընկալումը կը պայմանաւորուի հիմնական երեք կառոյցով։ Անոնցմէ մին է Պոլսոյ Պատիրարքական Աթոռը, որ իր ուրոյն տեղը ունի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մէջ։ Երկրորդն է՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը, որ ամբողջ սփիւռքի մէջ չունի իր նմանը։ Եւ երրորդն է ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, որ հայ իրականութեան անընդհատ հրատարակուող հնագոյն օրաթերթն է։ Ուստի, ողջունելով ներկաները՝ Գարոլին Մամիկոնեան շեշտեց, որ ներկայացուած ֆիլմն ալ պատրաստուած էր այդ եռոտանիին վրայ։

Բացման խօսքէն վերջ ներկաները հետեւեցան երկարաժամկէտ ֆիլմին, որու տեւողութիւնը 98 վայրկեան է։ Ժապաւէնին մէջ Պատրիարքարական Աթոռի պատմութիւնը ներկայացուած է երեք բաժնով. «Հիմնադրութիւն», «Սահմանադրութիւն» եւ «Հանրապետութիւն»։ Ֆիլմի թրքերէն տարբերակի ձայնաւորումը կատարուած էր մեր համայնքէն երեք արժէքաւոր արուեստագէտի՝ Պօղոս Չալկըճըօղլուի, Գէորգ Թիւրքէրի եւ Սէրտա Արսլանի կողմէ։ Այս վերջինները թատերական ոլորտէ ներս իրենց լուրջ փորձառութեամբ շատ կարեւոր դեր ունեցած էին, որպէսզի առոգանութիւններու եւ շեշտադրումներու առումով ֆիլմի պատգամը ճի՛շդ հնչէ եւ ընկալուի՝ ըստ պատշաճի։ Գէորգ Թիւրքէր ընթերցած էր հաղորդավարի բաժինը, Պօղոս Չալկըճըօղլու ձայնաւորած էր արական ձայները, իսկ Սէրտա Արսլան՝ իգականները։

Ֆիլմի ներկայացման աւարտին տեղի ունեցաւ ասուլիս մը։ Բոլորի թարմ տպաւորութիւններու լոյսին տակ այս փուլին ընդհանուր արժեւորում մը կատարուեցաւ։ Այդ քննարկումը որոշ չափով լոյս սփռեց նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի շարք մը օրակարգային խնդիրներուն վրայ։ Ասուլիսը վարեց Այլին Գօչունեան։ Ատենախօսներն էին փրոֆ. Ապտուրրահման Աթչըլ եւ փրոֆ. Մաճիթ Քենանօղլու։

Ապա արտայայտուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ շեշտեց, թէ ֆիլմի արտադրանքը կատարուած է այն մղումով, որ արդիւնքը բոլորին տեսակէտէ համակրանքի արժանանալէ աւելի՝ ըլլայ հանդուրժելի։

Աւելի վերջ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան հանդիսաւորապէս ընթերցեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեան գիրը։ Այս փուլին հանդէս եկան Նորին Ամենապատուութիւնն ու Այլին Գօչունեան՝ ծափահարութիւններու ներքեւ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ շնորհաւորանքով Այլին Գօչունեանին յանձնեց Աթոռի «Օրմանեան» շքանշանն ու համապատասխան օրհնութեան գիրը։

Միեւնոյն ժամանակ, Ամեն. Ս. Պատիրարք Հայրը յանձնեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին կողմէ Պետրոս Շիրինօղլուի համար պատրաստուած յուշանուէրը։ Նկատի ունենալով, որ ան ակամայ կը բացակայէր ձեռնարկէն՝ յուշանուէրը ստացաւ աւագ որդին՝ Յակոբ Շիրինօղլու։ Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ, Պօղոս Չալկըճըօղլուն ալ ստացաւ յուշանուէր մը, որ նոյնպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին կողմէ պատրաստուած էր առ ի երախտագիտութիւն։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հուսկ բանքին մէջ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի կողմէ կեանքի կոչուած այս ծրագրին շուրջ։ Ան դրուատեց Այլին Գօչունեանի կողմէ այս նախագծին համար տարուած անփոխարինելի աշխատանքը եւ ընդհանրապէս անոր լուռ ու մունջ գիտական գործունէութիւնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը ներկաներուն հետ բաժնեց ընդհանուր դիտարկումներն ու խորհրդածութիւնները Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու մասին՝ շեշտը դնելով ժողովրդագրական բարդ պատկերին վրայ։ Ան բացատրեց, որ այժմու ընթացքով տեսանելի ապագային Թուրքիոյ մէջ հայութեան ընդհանուր թիւը 10 հազարի շեմէն վար պիտի իջնէ։ Իր խօսքով, արմատներու խորութիւնը հաւաքականութիւններու եւ անհատներու պարագային կը բերէ կեանքի սահմանումներ։ Ուստի, այս ֆիլմը այնպիսի գործ մըն է, որ արմատներու եւ ինքնութեան վրայ ազդեցութիւն կրնայ գործել։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ մեր համայնքը բազմանայ եւ մանաւանդ մեր երիտասարդները նախընտրեն մեր իսկ քաղաքին մէջ ունենալ ապագայ մը։

Իր ելոյթին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռի կարգավիճակէ մը զուրկ ըլլալու, այսինքն յաչս պետութեան իրաւաբանական անձ չըլլալու հանգամանքին։ Սա խնդիր մըն է, որ Թուրքիոյ բոլոր ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու պարագային ի զօրու է։ Ֆիլմի ցուցադրութեան յաջորդած ասուլիսին ժամանակ գիտնականներն ալ արտայայտուած էին այս մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը ի շարունակութիւն դիտել տուաւ, որ Պատրիարքական Աթոռը իրաւաբանական անձ ըլլալ կը ձգտի՝ համայնքի ընդհանուր կառավարումը աւելի ներդաշնակ ձեւով կազմակերպելու հետամուտ։ Արդարեւ, թրքահայ բոլոր հաստատութիւնները ունին պաշտօնական կարգավիճակ, իսկ Պատրիարքական Աթոռը չունի։ Առկայ վիճակին մէջ հակասական պարագայ մը կը ստեղծուի, որովհետեւ Պատրիարքարանը համայնքի գործունէութիւնը չի կրնար համակարգել ու ներդաշնակեցնել, երբ իր վերահսկած հաստատութիւնները իրաւաբանական անձ են, իսկ ինքը՝ ոչ։ 

Հուսկ բանքէն վերջ, ներկաները արձակուեցան Որդւոց Որոտման տաճարէն՝ հրաւիրուելով ընդունելութեան։ Ապակեայ մուտքասրահին մէջ սարքուած էին սեղանները՝ մինչ բարենպաստ եղանակը հնարաւորութիւն ընձեռեց նաեւ Մայր Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ անմիջական զրոյցներու։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն շրջապատուեցաւ ներկաներուն կողմէ, որոնց հետ ունեցաւ կարծիքի փոխանակումներ։ Հանդիսատեսները առիթն ունեցան շնորհաւորելու իր գահակալութեան տարեդարձը եւ արեւշատութեան մաղթանքներ յղելու։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի ներկայացուցիչներն ալ եզրափակիչ փուլին ջերմ մթնոլորոտի մը մէջ զրուցեցին հիւրերուն հետ։ Կարգադիր յանձնախումբի անդամները միշտ գործի գլուխ էին ուշադրութեամբ եւ ներկաներու նկատմամբ բծախնդիր վերաբերմունքով։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անոնց ալ տուաւ իր օրհնութիւնը եւ մեկնելէ առաջ նկարահանուեցաւ կարգադիր յանձնախումբի անդամներուն եւ օրուան մեծարեալին՝ Այլին Գօչունեանի հետ, որպէսզի յատկանշական այս ձեռնարկին յիշատակը անմահանայ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2025