ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏԻՐԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՐԷՏ ՉԱՂԼԸՉՈՒՊՈՒՔՃՈՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց երիտասարդ դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճուն, որու վերջին շրջանին արձանագրած վերելքը մեծ ուրախութիւն կը ստեղծէ համայնքային կեանքէն ներս։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին Պարէտ Չաղլըչուպուքճուին ընկերացաւ իր մայրը՝ համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճուն եւ մեներգչուհի Մարալ Այվազը։ Հարկ է նշել, որ այս շաբաթավերջին, Մայրերու օրուան առթիւ, Պարէտ Չաղլըչուպուքճուի մասնակցութեամբ կազմակերպուած է նուագահանդէս մը, որ կը համարուի եզակի նախաձեռնութիւն մը։ Նորին Ամենապատուութիւնը երէկուան զրոյցին ժամանակ թարմ տեղեկութիւններ քաղեց Պարէտ Չաղլըչուպուքճուի գեղարուեստական գործունէութեան եւ ապագայի վերաբերեալ մտադրութիւններուն շուրջ։ Հուսկ, ան գնահատեց երիտասարդ արուեստագէտին արձանագրած վերելքը՝ յղելով յաջողութեան մաղթանքներ եւ իր հայրական օրհնութիւնները։

Ուրբաթ, Մայիս 9, 2025