ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական, թերթիս համակիր ու բարեկամ Հրայր Ճէպէճեանէն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 112-րդ հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ երէկ ստացանք շնորհաւորական մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

Պրն. Արա Գօչունեան
Գլխաւոր խմբագիր
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի
Պոլիս

Մեծայարգ Պրն. Գօչունեան,

Ուրախութեամբ իմացանք, թէ կը տօնէք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 112-րդ տարեդարձը։ Ինչ խօսք՝ մեծ նուաճում, որ արդիւնք է մեծ զոհողութեան։

Եւ այս զոհողութիւնը կու գայ ձեր եւ անձնակազմին նուիրական աշխատանքի որպէս մէկ մեծ երախտիք։ Կը շնորհաւորեմ ձեզ՝ ձեր երկար տարիներու վաստակին ու նուիրական ծառայութեանը հայ մամուլին։ Ինչպէս որ իմ վերջին հանդիպումին ձեզի հետ Պոլիս՝ մէկ ամիս առաջ՝ երբ հանդիպեցայ ձեզի եւ ձեր անձնակազմին հետ՝ եւ ձեր աշխոյժ գործունէութեանը ականատես ըլլալով՝ կրցայ տեսնել տարիներու ձեր աշխատանքին նուիրուածութիւնը եւ աշխուժութիւնը։ Եւ այս իմաստով՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը հայկական մամուլի մէջ իր տիրական տեղը եւ դիրքը ունի եւ նաեւ մեծ նպաստը հայապահպանումի մեր ընդհանրական գործընթացին մէջ։

Ձեզի եւ ձեր գործակիցներուն կը մաղթեմ ուժ եւ կորով՝ շարունակելու համար ձեր նուիրական առաքելութիւնը։

Շնորհաւորութիւններ եւ նոր ամեակներու լաւագոյն մաղթանքներ։

Յարգանքով՝
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Ընդհանուր Քարտուղար՝ Արաբական Ծոցի
Աստուածաշունչի Ընկերութեան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2019