ՊԱՂԱՐԻՒՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ
Երէկ, Տ. Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւՇիրակի եւ Արթիկի թեմերու հոգեւոր սպասաւորներուն հետ։ Եկեղեցականաց խումբը գլխաւորեց Արթիկի թեմակալառաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Աւագեան։
Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին իր հայրական սէրն ու օրհնութիւնը փոխանցեց քահանայ հայրերուն՝մտահոգութեամբ անդրադառնալով Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի դէմ արձակուած անարդարդատավճռին եւ անոր ազատազրկման, որու հետեւանքով մեծապէս տուժած է թեմի հոգեւոր կեանքը։
Նորին Սրբութիւնը պատգամեց, որ ներկայ բարդ ժամանակներուն հոգեւորականները, առ Աստուած նուիրումի ուհայրենիքի նկատմամբ պարտքի բարձր գիտակցութեամբ, շարունակեն նախանձախնդրութեամբ իրականացնելհոգեփրկչական իրենց առաքելութիւնը՝ առաւել արդիւնաւորելով հաւատացելոց հոգեւոր խնամքը, զօրացնելովաղօթական կեանքը եւ ժողովուրդը գօտեպնդելով հաւատքով, յոյսով ու սիրով։