ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՋԵՐՄ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Ս. Պատարագի մասնակցեցաւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան, որ եկեղեցւոյ մէջ ջերմօրէն դիմաւորեց վարչապետը։ Սրբազանը եկեղեցի-իշխանութիւն հակադրութեան մթնոլորտին մէջ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին դաւաճանած խումբի պարագլուխներէն է։ Ան անցեալ շաբաթ ինն սրբազանի հետ այցելած էր կառավարութիւն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2025