ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանը հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութեամբ մը: Սուրբ Աթոռը այս առթիւ պարզաբանումներ հաղորդեց՝ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան նախկին անդամներէն հայր Էմմանուէլ վարդապետ Աթաճանեանի արարքներուն կապակցութեամբ: Արդարեւ, խնդրոյ առարկայ անձնաւորութիւնը 2019 թուականին եղած է կարգալոյծ՝ դասուելով աշխարհականներու շարքին՝ աւազանի անունով Արմէն Աթաճանեան:
Պաշտօնական յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ հակառակ կարգալոյծ ըլլալուն՝ Արմէն Աթաճանեան կը շարունակէ հանրութեան ներկայանալ՝ իբրեւ հոգեւորական: Աւելի՛ն, ան կու տայ հարցազրոյցներ, որոնց ժամանակ կարծիքներ կը յայտնէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածական հարցերուն, Սուրբ Երկրէն ներս առկայ պատերազմական իրավիճակին եւ այլ նիւթերու շուրջ: Արմէն Աթաճանեան այս բոլորը կ՚ընէ՝ հակառակ անոր, որ կարգալոյծը, հոգեւորական չէ եւ իրաւունք չունի հանդէս գալու Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան անունով:
Պատրիարքարանէն հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ընգծուած է, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ հաղորդելու իրաւասութեան տէր է բացառապէս Սուրբ Աթոռի դիւանատունը:
Այս բոլորի լոյսին տակ կոչ ուղղուած է հայկական եւ միջազգային բոլոր լրատուամիջոցներուն, որպէսզի զերծ մնան Աթաճանեանի կարծիքները հանրութեան մատուցելէ՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան վերագրելով զանոնք: