ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱԹՈՌԻ ԳԱՀԱԿԱԼԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿՈՉ
Երէկ, Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը հանդէս եկաւ կոչով մը՝ ուղղեալ Կիլիկեան Աթոռի Միջին Արեւելքի թեմերու ժողովուրդին: Նորին Սրբութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը.
«Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Միջին Արեւելքի մէջ ծայր առած պատերազմին: Որոշ փորձագէտներ ներկայ պատերազմը կը նկատեն սկիզբը համաշխարհային երրորդ պատերազմի, իսկ ուրիշներ՝ զինուորական բախումներու երկար շղթայ մը: Ինչ մեկնաբանութիւն ալ տրուի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմական գործողութիւնները փաստօրէն հետզհետէ կը բարդանան, կը սաստկանան ու կը ծաւալին՝ ներառելով ամբողջ Միջին Արեւելքը եւ նոյնիսկ տարածաշրջանէն անդին անցնելու նախանշաններ ցոյց տալով: Անորոշութիւնը հետզհետէ կը խորանայ, քաոսը կը ծաւալի, մարդկային զոհերու եւ վիրաւորներու թիւը կը բարձրանայ, ֆիզիքական քանդումները կը տարածուին եւ գաղթականներու ալիքը կը ծաւալի:
«Միջին Արեւելքի բոլոր երկիրները, առաւել կամ նուազ չափով, ենթակայ են պատերազմի ահաւոր հետեւանքներուն՝ անվտանգութեան, ֆիզիքական, տնտեսական, ընկերային, քաղաքական եւ այլ մարզերէ ներս: Սակայն, Իրանը եւ Լիբանանը կը շարունակեն կրել պատերազմի անմիջական ու ծանր հետեւանքները»:
Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այս ընդհանուր համայնապատկերին վրայ յիշեցուցած է, որ պատերազմական գործողութիւններու ենթակայ բոլոր երկիրներէն ներս Կիլիկեան Աթոռը ունի հաստատուած համայնքներ: Ան վերջին օրերուն յաջողած է կապ հաստատել բոլոր թեմական առաջնորդներու եւ թեմական ու համայնքային պատասխանատուներուն հետ: «Մեր համայնքներու անվտանգութիւնը մեր բոլորին համար հիմնական առաջնահերթութիւն է», նշած է Նորին Սրբութիւնը ու շարունակած՝ «Արդարեւ, յստակ իրողութիւն է, որ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն մէջ կայք հաստատած մեր համայնքներու անդամները տիպար քաղաքացիներ են, իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը լիովին կը կատարեն, հաւատարիմ են իրենց երկիրներու օրէնքներուն եւ միշտ պետութեան կողքին են՝ զօրակից անոնց իրաւունքներուն ու շահերուն եւ հետամուտ արդարութեան ու խաղաղութեան»:
Նորին Սրբութիւնը այս բոլորէն վերջ կոչ ուղղած է հակամարտ կողմերուն՝ դադրեցնել բոլոր ռազմական գործողութիւնները, յարգել բոլոր երկիրներու գերիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը՝ միջազգային օրէնքին համար եւ քաղաքական երկխօսութեան ճամբով հարցերուն լուծումներ գտնել: Միջին Արեւելքէն ներս արդարութեան ու փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած ու մշտական խաղաղութեան հաստատումը միջազգային համայնքին եւ ՄԱԿ-ի համար հարկ է դառնայ բացարձակ առաջնահերթութիւն, այլապէս տարածաշրջանը ինքզինք կրնայ գտնել նոր պատերազմներու սեմին:
Ուստի, Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս տարածաշրջանի երկիրներու հայ համայնքներուն թելադրած է՝ աննախատեսելի վտանգներով լեցուն ներկայ պայմաններուն մէջ ըլլալ արթուն եւ կազմակերպուած՝ համախմբուելով եկեղեցիներու եւ համայնքային հաստատութիւններու շուրջ: Անշուշտ, այս բոլորը պետական կառոյցներու ցուցմունքներուն համապատասխան՝ հեռու մնալու համար անապահովութեան վտանգներէ:
«Կ՚աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որպէսզի իր երկնային խաղաղութեան ծիրանին կամար կապէ Միջին Արեւելքի վերեւ եւ փոխադարձ հասկացողութիւնը ամրացնէ ազգերու միջեւ եւ մեր ժողովուրդի զաւակները հեռու պահէ բոլոր վտանգներէն», եզրափակուած է Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոչը: