ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ 98-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ պատգամաւորական ժողով։ Սա 98-րդ Թեմական պատգամաւորական ժողովն էր, որուն զուգահեռ տեղի ունեցան նաեւ թեմի հոգեւորականաց համագումարն ու տիկնանց կազմերու հաւաքը։ Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին հիւրընկալեց 98-րդ թեմական պատգամաւորական ժողովը, որ գումարուեցաւ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի նախագահութեամբ։ Համագումարի սկիզբին ընթերցուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։ Մինչ այդ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչներն ալ հետեւեցան Արեւմտեան թեմի ժողովներու ընթացքին։
Արեւմտեան թեմի 2025 թուականի պիւտճէն վաւերացուեցաւ պատգամաւորական ժողովի ընթացքին, քննարկումներ ծաւալուեցան ազգային-եկեղեցական կեանքի կենսունակութեան եւ աշխուժացման ուղղութեամբ։ Պատգամաւորական ժողովը ընտրեց նաեւ թեմական վարչութեան կազմը՝ գլխաւորութեամբ Տերիք Ղուկասեանի։
Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանն ալ պատգամաւորական ժողովին առջեւ հանդէս եկաւ ծաւալուն ելոյթով մը, որ ընկալուեցաւ հետաքրքրութեամբ։ Նորին Սրբազնութիւնը անդրադարձաւ թէ՛ առաջնորդարանի գործունէութեան ու արձանագրուած արդիւնքներուն եւ թէ թեմի պատգամաւորներուն հետ իր մտահորիզոնը բաժնեց ապագայի վերաբերեալ։