ԷՖՐԻՄ ՊԱՂԻ ԲԱՐԵՐԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԻՏԻ ՕԾՈՒԻ՝ ՁԵՌԱՄԲ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Հայաստան։ Թրքահայ համայնքային շրջանակներէն ներս բացառիկ ուշադրութեան եւ արձագանգի արժանացած է՝ մեր բարերարներէն Էֆրիմ Պաղի կողմէ Հայաստանի մէջ վերանորոգուած Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութեամբ, Արագածոտնի թեմէն ներս վերանորոգուած այս սրբավայրը արդէն պատրաստ է իր դռները բանալու եւ հիւրընկալելու հաւատացեալները եւ ուխտաւորները։ Շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ օծման արարողութիւնը, որու առթիւ քաղաքէս ալ բազմաթիւ ուխտաւորներ եւ Էֆրիմ Պաղի ընտանեկան շրջանակներէն մտերիմներ պիտի այցելեն Հայաստան։ Մինչ այդ, բարերարի փափաքով, Արագածոտնի թեմի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ օծումը պիտի կատարուի՝ ձեռամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, որ այս շաբաթավերջին կարճատեւ այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։