ԳԱՐԹԱԼԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախընթաց օր նախագահեց Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ Արեւագալի արարողութեան, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Կորիւն աւ. քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Արեւագալէն վերջ տեղի ունեցաւ նաեւ Ջրօրհնէք։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր խոր յուզումով ունկնդրեցին հոգեպարար շարականներուն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Արթին Չանքարի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը պահքի սիրոյ սեղան մը սարքեց՝ ի պատիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Բոլոր հաւատացեալները անմիջական զրոյց ունեցան ճաշի ընթացքին՝ մաղթելով, որ Տէրը արժանացնէ ողջունել Սուրբ Յարութեան մօտալուտ տօնը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2026