ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը՝ նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Տէրունական աղօթքէն վերջ, ԳՀԽ-ի հոգեւորական եւ աշխարհական անդամներուն իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետը՝ հայցելով Սուրբ Հոգւոյ առաջնորդութիւնը ժողովի բարեյաջող եւ արդիւնաւէտ ընթացքին համար։

Ըստ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներուն՝ ԳՀԽ-ի օրակարգին վրայ ընդգրկուած են Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի գումարման եւ կազմակերպման աշխատանքներուն վերաբերեալ հարցեր։ Բաց աստի, ժողովականները կը շօշափեն եկեղեցւոյ հովուական, կրթական, կանոնական, վարչական, կարգապահական, ընկերային առաքելութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն նաեւ եկեղեցական կեանքը յուզող այլ խնդիրներ։

Ըստ ընդունուած կարգի՝ ԳՀԽ-ին կը ներկայացուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 2025 թուականի գործունէութեան տեղեկագիրը։ Կը լսուին հոգեւոր-վարչական գործունէութեան զեկոյցը, ելմտական հաշուետուութիւնը եւ վերստուգիչ յանձնախումբի տարեկան հաշուետուութիւնը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2026