ԳՈՂՑՈՒԱԾ ԳԱՆՁԵՐԸ…

Յովէլի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «…Ես շուտով ձեր հատուցումը տագնապով ձեր գլուխին կը բերեմ այն բանին փոխարէն, որ Իմ արծաթս եւ ոսկին առիք, Իմ ընտիր-ընտիր ու գեղեցիկ անօթները տարիք ձեր մեհեանները ու Յուդայի երկրի եւ Երուսաղէմի որդիները ծախեցիք յոյներուն, որպէսզի զանոնք հեռացնէք իրենց սահմաններէն: Արդ, Ես այնտեղ ոտք կը կանգնեցնեմ զանոնք, ուր որ ծախեցիք զանոնք, եւ ձեր հատուցումը ձեր գլուխին կը բերեմ: Ձեր տղաները եւ ձեր աղջիկները կը մատնեմ Յուդայի երկրի որդիներուն ձեռքը եւ անոնք գերի կը ծախեն զանոնք հետու-հեռաւոր ազգի մը, քանի որ Տէ՛րը խօսեցաւ» (Յվլ 3.4-8):

Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւորականներէն՝ Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին, այսպէս կը բացատրէ այս համարները.

* Թշնամին ի՞նչ արծաթ, ոսկի կամ թանկարժէք գանձեր կը մտցնէ տարճարները, եթէ ոչ Աստուծոյ զաւակներուն թանկարժէք հոգիները, որոնց ան կը համարէ ամենաարժէքաւոր գանձը: Թշնամին յափշտակած է զանոնք՝ ծառայելու օտար տաճարի մը, որ հակառակ է Աստուծոյ, եւ այն աշխարհիկ ցանկութիւններու եւ մարմնական պիղծ հաճոյքներու տաճար մըն է: Աստուծոյ զաւակները ծախուած են օտարներուն՝ դառնալով բազմաթիւ մեղքերու ստրուկներ, ինչպէս անոնք՝ որոնք Փարաւոնին եւ անոր մարդոց լուծին տակ կը գտնուին: Սակայն, Տէրը անընդհատ կը հաստատէ Իր փրկարար գործը խաչին վրայ՝ Իր ծառաներուն հոգիներուն [փրկութեան] համար, ըսելով. «Դուք տեսաք, թէ ինչեր բերի եգիպտացիներու գլուխին, իսկ ձեզի, ինչպէս արծիւը իր թեւերուն վրայ կ՚առնէ, Իմ մօտս բարձրացուցի: Արդ, եթէ ուշադիր լսէք ըսածս եւ պահէք դրած ուխտս, դուք բոլոր ազգերուն մէջ Իմ ընտրեալ ժողովուրդս կ՚ըլլաք, որովհետեւ ամբողջ երկիրը Իմս է: Դուք Ինծի համար որպէս թագաւորութիւն կ՚ըլլաք, որպէս քահանայութիւն եւ որպէս սուրբ ազգ» (Ելք 19.4-6): Ինչպէս նաեւ ըսուած է. «Տիրոջ բաժինն եղաւ Իր ժողովուրդը՝ Յակոբը, իսկ Իր ժառանգութեան վիճակը՝ Իսրայէլը» (Բ. Օր 32.9): Իր ժողովուրդին՝ Իր բաժինին [ժառանգութեան] համար կ՚աշխատի, որպէսզի անոնց լիովին ազատագրէ եւ նոր երկինք ու նոր երկիր դարձնէ՝ արդարութեամբ բնակեցուած (տե՛ս Բ. Պտ 3.10-13): Թշնամին այլեւս չի՛ կրնար գրաւել զայն: 

Մենք Աստուծմէ ստացանք Անոր արծաթը, որ Իր կենդանի խօսքն է…, որ եօթն անգամ մաքրուած է ու զտուած է (տե՛ս Սղ 11.7), եւ Անոր ոսկին, այսինքն՝ երկնային նշանը: Տակաւին, Ան մեզի Հոգիին պտուղները պարգեւած է, որոնք բարի գանձերն են: Եկէք ատոնցմով բացի Տիրոջ տաճարէն ուրիշ տեղ չմտնեքն, այլ՝ հաւատարմութեամբ ընթանանք այն բաներով, ինչ որ մեզի պարգեւեց, որպէսզի ապաշխարութենէն ետք աւելի շատ վայելենք: Տիրոջ բարի հոգիները տարին իրենց չար տաճարները, անոր նման, որ Աստուծոյ տուած սիրոյ յատկանիշները կ՚օգտագործէ մարմինի կիրքերուն մէջ, կամ ինչպէս մէկը, որ ուրիշներուն սէրը կը շահագործէ իր բարեպաշտութեան կամ հոգեւոր գիտելիքներուն պատճառով՝ Տիրոջ ճանապարհէն դուրս:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

10 մարտ 2026, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2026