«ԵՂԻԱԶԱՐԷՆ՝ ԵՂԻՎԱՐԴ»
Հայ Երուսաղէմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, Երուսաղէմի Հայոց ժառանգաւորաց վարժարանի մեծ սրահի երդիքին տակ ցուցադրուեցաւ՝ «Եղիազարէն՝ Եղիվարդ» խորագրեալ փաստավաւերագրական ժապաւէն մը։ Ս. Աթոռի 95-րդ գահակալին՝ երջանկայիշատակ պատրիարք Տ. Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի յիշատակին ձօնուած է այս ֆիլմը, որու արտադրական աշխատանքը վերահսկուած է Ս. Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն Տ. Ղեւոնդ Ծայրագոյն Վարդապետ Յովհաննիսեանի կողմէ։ Մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ փաստավաւերագրական այս ֆիլմը կարեւոր նպաստ մը կը բերէ, որպէսզի հաւաքական յիշողութեան մէջ դիրքաւորուի Երուսաղէմի տեսակէտէ անմոռանալի Եղիշէ Պատրիարքը։
Վաւերագրականը առանձնայատուկ գնահատանքի առարկայ դարձած է՝ իր հարուստ պատմական լուսանկարներով եւ անցեալէն հասած տեսանիւթերով, որոնք աւելի կենդանի ու թարմ շունչ մը կու տան փոխանցուած յուշերուն ու կը պայմանաւորեն գործի ընդհանուր արժէքը։ Վեց սաղիմահայեր ֆիլմին մէջ կը պատմեն իրենց հարազատ յուշերը։ Անոնք են՝ Տ. Սամուէլ Ծայրագոյն Վարդապետ Աղոյեան, Գէորգ Հինդիլեան, Պօղոս Սրկ. Շահանեան, Վարդան Կարապետեան, Տ. Կոմիտաս Վրդ. Շերպետճեան եւ տքթ. Անուշ Նագգաշեան։
«Եղիազարէն՝ Եղիվարդ» ֆիլմը չունի միայն վաւերագրական բնոյթ, այլ հոգեւոր ու պատմական ճամբորդութիւն մըն է՝ դէպի հոգելոյս Տ. Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի անձը, ժառանգութիւնն ու թողած ազդեցութիւնը։ Ձեռք-ձեռքի տուած վկայութիւնները, հարուստ արխիւային նիւթերով, անդրադարձան ո՛չ միայն անմոռանալի գահակալի գործունէութեան, այլեւ նախ եւ առաջ անոր հոգեւոր ու մարդկային մեծութեան, որուն շնորհիւ ան խոր հետք մը թողած է սերունդներու մտքին ու սրտին մէջ։ Հայ Երուսաղէմի պատմութեան մէջ Տ. Եղիշէ Արք. Տէրտէրեան բանաստեղծ պատրիարքը կը մնայ՝ առաջնորդ մը, հոգեւոր հայր մը եւ իմաստուն մարդ մը, որու ներդրումը անուրանալի եւ անփոխարինելի եղած է Ս. Աթոռի արդի պատմութեան մէջ։