ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՏՕՆԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ոգեկոչեց Ս. Վարդանանց զօրավարներու եւ 1036 վկաներու յիշատակը։ Օրուան տօնին առթիւ աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Միածնաէջ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Պատարագիչն էր Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Յուսիկ Աբեղայ Սմբատեան։

Օրուան քարոզին ընթացքին պատարագիչ հայր սուրբը անդրադարձաւ տօնի խորհուրդին։ Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Սրբոց Վարդանանց տօնը այն եզակի օրերէն է, երբ պատմութիւնն ու հաւատքը կը միաձուլուին մէկ վկայութեան մէջ։ Հայ ժողովուրդը կը հասկնար, որ եթէ կորսնցնէր հաւատքը, պիտի կորսնցնէր նաեւ իր ինքնութիւնը, իր կոչումը եւ իր ապագան»։ Ուստի, պայքարի իմաստը կը բիւրեղանայ այս բոլորին մէջ։

Ս. Պատարագի աւարտին Իջման Սուրբ Սեղանին առջեւ, հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Հայկազուն Արք Նաճարեանի, կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Եկեղեցականաց դասն ու հաւատացեալ ժողովուրդը առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան, յաւերժ պայծառութեան եւ Վեհափառ Հայրապետի կենաց արեւշատութեան եւ արդիւնաւէտ հովուապետութեան համար։

Ուրբաթ, Փետրուար 13, 2026