ՀԻՄԱ ԱԼ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՆՆԵՐԸ
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) աշխարհական անդամները հրաւիրուեցան Հայաստանի Քննչական կոմիտէ։ Այս նիւթին վերաբերեալ տեղեկութիւնները հաստատուեցան ԳՀԽ-ի աշխարհական անդամներէն իրաւաբան Գէորգ Դանիէլեանի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ Հայաստանի Քննչական կոմիտէի աղբիւրները հրաժարած են այս նիւթին վերաբերեալ որեւէ մեկնաբանութիւն տալէ։
Հայաստանէ ներս իշխանութիւն-եկեղեցի տագնապի պայմաններուն ներքեւ հերթական ուշագրաւ իրադարձութիւնն է այս մէկը։ Վերջին շրջանին բանտարկուած չորս եպիսկոպոսներէն երեքի պարագային խափանման միջոցի փոփոխութիւններ տեղի ունեցած էին եւ դատական մարմինները սահմանած էին տնական կալանք։ Ստեղծուած յարաբերական լաւատեսութեան մթնոլորտին մէջ այժմ վրայ հասած է այս նիւթը։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի աշխարհական անդամներն ալ հարցաքննութեան հրաւիրուած են՝ շուրջ ամիս մը առաջ հոգեւորական անդամներու պարագային ապրուածին նման։ Հարցը կը վերաբերի դատավճռի գործադրութիւնը խոչընդոտելու։
Հարկ է նշել, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ներկայ շաբթուայ սկիզբին գումարուած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը՝ նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։