ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ
Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ շաբաթավերջին ծափահարութիւններու տարափ մը ստեղծուեցաւ, երբ պարգեւատրուեցաւ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ժապաւէնի բեմագիր Տիգրան Պասկեւիչեան, որու մականին ներքեւ ընթացած էր ամբողջ արտադրական աշխատանքը։ Շուրջ տասն տարի բազում փուլերէ անցած աշխատանքի մը մասին է խօսքը։ Տիգրան Պասկեւիչեանի կողմէ թէ՛ այս ընթացքին տարուած աշխատանքը եւ թէ աւելի առաջ իր իրականացուցած այլ գործերը արդէն զինքը դարձուցած էին հայ Պոլիսի մասնագէտ մը։ Այս բոլորը հաշուի առնելով՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան տեղին տնօրինութեամբ յարմար դատած էր մեծարել զինքը։ Ուստի, Նորին Ամենապատուութեան բարձր կարգադրութեամբ՝ Տիգրան Պասկեւիչեանին շնորհուեցաւ Պոլսոյ Աթոռի «Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան» շքանշանը։
Յայտագրի այս փուլին, նախ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան ընթերցեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր համապատասխան օրհնութեան գիրը, որու բովանդակութեան մէջ, մեծարեալի կենսագրութեան տուեալները շարադրուած էին դրուատական բանաձեւումներով։ Օրհնութեան գիրը նոյնութեամբ ներկայացուած է մեր այսօրուան Բ. էջին վրայ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բեմ բարձրացաւ օրհնութեան գրի ընթերցումէն վերջ եւ Տիգրան Պասկեւիչեանի կուրծքը զարդարեց «Օրմանեան» շքանշանով՝ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» ֆիլմի կալայի մեծադիր պաստառի համայնապատկերին վրայ։ Ան ջերմ վերաբերմունքով մեծարեալին յանձնեց նաեւ օրհնութեան գիրը։
Մինչ Տիգրան Պասկեւիչեանի վիթխարի վաստակը արժեւորուած եղաւ այս ձեւով, անշուշտ, ներկաներու ուշադրութենէն չսպրդեցան այն անունները, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած էին այս ժապաւէնի պատրաստութեան մէջ։ Այս ամբողջին մէջ առաջին հերթին կը յիշուին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանն ու պատմաբան տքթ. Այլին Գօչունեանը, որոնք փաստավաւերագրական այս ֆիլմի գլխաւոր խորհրդատուի դերով սնած են բեմագիրը։
Ֆիլմի բեմադրիչներն են՝ Արա Շիրինեան եւ Տիգրան Պասկեւիչեան։ Տեսագրութիւնները կատարուած են՝ Արտաշէս Մատթէոսեանի, Խաչիկ Մարտիրոսեանի, Ռոպերթ Խարազեանի, Տիգրան Գասպարեանի, Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ։ Մոնթաժը կատարած են Վարդան Խաչատրեան եւ Ֆրունզ Աւետիսեան, իսկ անիմասիոնը՝ Արթուր Զախարեան։ Նախագծին իրենց նպաստը բերած են նաեւ՝ Արշակ Բանուչեան, Կարօ Տէրունեան, Լիլիթ Գրիգորեան եւ Այշէ Օզիլ։ Ձայնաւորումը կատարած են՝ Հրայր Գալեմքէրեան, Յովիկ Էօրտեքեան եւ Արաքսի Մահտեսեան։ Բացի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթէն եւ Պատրիարքարանէն, տեսանիւթերու արխիւային աղբիւրները եղած են՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Շողակաթ» հեռուստաընկերութիւնը, «Ֆակտում» փաստագրական կեդրոնը, TRT-ն, hushamadyan.org կայքը եւ Netfilm.ru-ն։ «Ֆակտում» փաստագրական կեդրոնի կողմէ արտադրուած գործի հեղինակային իրաւունքը կը պատկանի ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։ Գործը անոնց կողմէ միասնաբար ներկայացուած է՝ որպէս համատեղ նախաձեռնութիւն։
Ի լրումն այս անձնակազմին, «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմին մէջ բազմատասնեակ մասնագէտներ դիտողներու առջեւ հանդէս կու գան՝ հարցազրոյցներու ժամանակ կատարած խորհրդածութիւններէ մէջբերումներով։ Այս շարքին մէջ են՝ Գէորգ Պարտաքճեան (պատմաբան), Յարութիւն Ռայմոն Գէորգեան (պատմաբան), Ազատ Բոզոյեան (պատմաբան), Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան (պատրիարքական փոխանորդ), Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Սահակ Ֆիլիփ Սարկաւագ Սուքիասեան (պատմաբան), վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Սահակ Արք. Մաշալեան (պատրիարք), Արսէն Աւագեան (պատմաբան, դիւանագէտ), Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան (Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ), Արուս Եումուլ (ընկերաբան), Սեդրակ Սարկաւագ Տավութհան (իրաւաբան), Արմաւենի Միրօղլու (պատմաբան), Գայիանէ Այվազեան (պատմաբան), Սեւան Տէյիրմենճեան (բանասէր), Անահիտ Ասդոյեան (պատմաբան), Պետրոս Մատթէոսեան (պատմաբան), Քլէր Մուրատեան (պատմաբան), Արմէն Քլոտ Մութաֆեան (պատմաբան), վախճանեալ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, Վարագ Գեթսեմանեան (պատմաբան), Աննա Ալեքսանեան (պատմաբան), Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Արզումանեան, Գրիգոր Տէօշէմէճեան (համայնքային նախկին ընտրեալ վարչային), Հիւսէյին Հաթեմի (իրաւաբան), Լաքի Վինկաս (յոյն համայնքի ընտրեալ վարչային), Թորոս Ալճան (համայնքային նախկին ընտրեալ վարչային), Ռըֆաթ Պալի (հրատարակիչ), Թուրկուտ Թարհանլը (իրաւաբան), Էօզտէմ Սանպերկ (դիւանագէտ), վախճանեալ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան (նախկին պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ), Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան (Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի պատուիրակ), Խաչիկ Ճանէլ (Ազգային պատգամաւորական ժողովի դիւանի ատենապետ, 2019թ.), Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու (2019 թ. պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ), Սարօ Պենկլեան (իրաւաբան), հոգելոյս Վարդ Շիկահեր, հոգելոյս Վարդան Օզինեան, Արտաշէս Մարկոսեան (հրատարակիչ), Այլին Գօչունեան (պատմաբան), Եդուարդ Տանձիկեան (լրագրող-հրապարակագիր) եւ Արա Գօչունեան (լրագրող-հրապարակագիր)։
*
«Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմը իսկապէս հիացմունք առթեց համայնքային շրջանակներուն, որոնք ականատեսը դարձան աննախընթաց գործին։ Այս բացառիկ նախաձեռնութիւնը բարձր գնահատանքի արժանացաւ, որովհետեւ առաջին անգամ տեսաֆիլմ մը պատրաստուած էր Պատրիարքութեան պատմութեան մասին։ Կալայի ընթացքին դէպքերու եւ դէմքերու տողանցքը անդրանցեց դարերը, որոնց ծնած կերպարները նորովի ի յայտ կու գան մերօրեայ հեւքերու ընդմէջէն՝ մինչ ֆիլմը դուռ կը բանայ նոր հայեացքով մը արժեւորելու բազմաթիւ կենսական հարցեր՝ մանաւանդ թարմ շունչ մը տալով եկեղեցի-մամուլ-դպրոց եռամիասութեան։
Ֆիլմը ի յայտ կը բերէ, որ դարերու հոլովոյթին մէջ թրքահայութեան յարատեւութեան ռազմավարութիւնն ու մարտավարութիւնը պայմանաւորած է Պատրիարքական Աթոռը, որու նուիրագործեալ երթը այսօր ալ գրաւականն է դէպի նոր հորիզոններ թիավարելու ու նոր յոյսեր փայփայելու։