ՄԱՀԱԶԴ

Մեր հոգեւորականաց դասուն, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն, համայնքային եւ թաղային մարմիններու, համայնքային հաստատութիւններու եւ միութիւններու վարչութեանց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կը տեղեկացնենք, թէ

Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՏԻՐԱՀԱՅՐԸ
ՅԱԿՈԲՃԱՆ ՄԱՇԱԼԸ

իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդած է, 12 հոկտեմբեր 2025, կիրակի, առաւօտեան վաղ ժամերուն։

Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի 16 հոկտեմբեր 2025, հինգշաբթի, ժամը 13.00-ին, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պալըքլըի ազգային գերեզմանատունը եւ պիտի ամփոփուի իր ընտանեկան դամբարանին մէջ։

«Որ թագաւորդ ես յաւիտենից Քրիստոս Աստուած մեր. ընկալ զհոգի Յակոբճան ծառայիս քո այսորիկ, արա արժանի ողորմութեան, քաւութեան եւ թողութեան մեղաց. հանգո ընդ արդարս քո եւ ի խորանս սիրողաց քոց բնակեցո զսա։ Եւ մեզ մեղաւորացս շնորհեա զքաւութիւն եւ զթողութիւն յանցանաց. ամէն»։

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2025