ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ
Շաբավերջին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան հիւրընկալեց Վատիկանի Քրիստոնէից միութեան քահանայապետական խորհուրդի ղեկավար կարտինալ Քուրտ Քոխը։ Հայոց Ս. Յակոբեանց վանքէն ներս բարձրաստիճան հիւրը արժանացաւ ջերմ վերաբերմունքի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց կարտինալ Քուրտ Քոխը, որուն կ՚ընկերանար Սուրբ Երկրի Պապական նուիրակ Տ. Ատոլֆօ Արք. Տիտօ Ըլանան։
Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ժամանակ Նորին Ամենապատուութիւնը բարձր գնահատեց Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան միջեւ ձեւաւորուած եղբայրական յարաբերութիւններն ու համագործակցութեան ոգին։
Իր կարգին, կարտինալ Քուրտ Քոխ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած ընդունելութեան համար եւ դիտել տուաւ, թէ պատիւ կը համարէ գտնուիլ Հայոց Պատրիարքարանի կամարներուն ներքեւ, պատրիարքարանը՝ ազգի մը, որ պատմութեան ընթացքին առաջինը եղած է քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակելու առումով։
Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Սուրբ Աթոռի Տնօրէն ժողովի ատենապետ Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան, աւագ թարգման Տ. Վազգէն Վրդ. Ալեքեան եւ դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան։