ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԸ՝ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Շաբաթավերջին, Տեառնընդառաջի առթիւ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ, որոնց նախագահեց եւ քարոզեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան: Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր պատարագեց Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան: Պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ անդամներ ներկայ էին արարողութիւններուն: Երգեղեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցւոյ գետնայարկի մատրան մէջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալներէն Յովհաննէս Թ. Բաղիշեցի Կոլոտ ոգեկոչուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնով:
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահի երդիքին տակ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան: Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներակները: