ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Երուսաղէմի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչները խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան՝ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօնական շրջանին ընդառաջ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի յունաց պատրիարքարանին մէջ։

Ըստ հայոց վանքի հաղորդումներուն՝ հանդիպման մասնակիցները համատեղ խմբագրեցին Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ հրապարակուելիք միասնական հաղորդագրութիւնը՝ արտայայտելով Ս. Երկրէն ներս քրիստոնէական միասնութեան, խաղաղութեան ու համերաշխութեան ոգին։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ այս հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ աւագ թարգման Տ. Արշակ Աբեղայ Ղազարեան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2025