ՊԱՐԶԱԲԱՆՈՒՄ
Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու կողմէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սիստեմաթիք թիրախաւորման սուր դրսեւորումները կը շարունակուին՝ մանաւանդ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ամէն կիրակի կ՚այցելէ եկեղեցի մը, ուր կը մասնակցի պատարագի, որու ընթացքին յիշատակութեան պահուն կը զեղչուին Ամենայն Հայոց Հայրապետին ու թեմակալ առաջնորդի անունները: Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ ակնյայտ հալածանքներու այս մթնոլորտը համայն հայութեան խիղճը կը վիրաւորէ՝ մինչ քրիստոնեայ աշխարհէն ներս ալ արդէն տխուր երեւոյթները անուշադրութեան չեն մատնուիր: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգը հերթական պարզաբանումով հանդէս եկաւ այս կապակցութեամբ: Երէկ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ մանրամասնութիւններ ներկայացուեցան, թէ ի՞նչ կը նշանակէ Սուրբ Պատարագի ժամանակ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ թեմակալ առաջնորդի անուններու զեղչման հակականոնականութիւնը: Ցաւալի իրավիճակի պատճառած մտահոգութիւնը կը բազմապատկուի նաեւ այն համայնապատկերին վրայ, ուր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին դաւաճանած եպիսկոպոսներն ալ անձամբ մասնակից կը դառնան այդ ապօրինի «պատարագ»ներուն: Ստորեւ կը ներկայացնենք երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը:
*
Սուրբ Պատարագի ժամանակ եպիսկոպոսապետի եւ թեմակալ առաջնորդի՝ եպիսկոպոսի անուններու յիշատակութիւնը ունի հետեւեալ հիմնական եւ կարեւոր նշանակութիւնները.
Առաջին.- Ծիսական, որով իր ամբողջութեան մէջ կ՚արտայայտուի Սուրբ Պատարագի խորհուրդը եւ Պատարագամատոյցը՝ որպէս Եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած պաշտօնական սրբազան մատեան:
Երկրորդ.- Եկեղեցաբանական-կանոնական, որով կը հաստատուի Սուրբ Պատարագի հացի ու բաժակի շուրջ համախմբուած տեղական համայնքը՝ իբրեւ ընդհանրական եկեղեցւոյ մաս, որու հոգեւոր առաջնորդն է եպիսկոպոսը, իսկ պատարագիչ քահանան կամ եպիսկոպոսը իր եկեղեցական-կանոնական միութիւնը կը հաստատէ Մայր Եկեղեցւոյ եւ անոր առաջնորդի՝ եպիսկոպոսապետի հետ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագի ընթացքին եպիսկոպոսի անուան յիշատակութեան առաջին վկայութիւնը կը տեսնուի Խոսրով Անձեւացիի՝ Հայոց Եկեղեցւոյ Պատարագամատոյցի մեկնութեան մէջ, դեռեւս 10-րդ դարուն: Ըստ Խոսրով Անձեւացիի՝ եպիսկոպոսի անուան յիշատակութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ ուղղափառ վարդապետութեան տեսուչը եպիսկոպոսն է եւ քահանան այդպէսով կը հաստատէ անկէ ստացած խորհրդական իշխանութիւնը եւ Սուրբ Պատարագը ուղղափառ վարդապետութեան համաձայն մատուցելը:
Պատարագիչի կողմէ եպիսկոպոսապետի եւ եպիսկոպոսի անուններու կամայական կամ դիտաւորեալ զեղչումը ո՛չ միայն Ընդհանրական Եկեղեցւոյ մէջ դարերու ընթացքին ամրագրուած ծիսական կանոնին հակառակ է, այլեւ կ՚աղաւաղէ Սուրբ Պատարագի խորհուրդի ամբողջական ընկալումը:
Յիշեալ անուններու յիշատակումը Սուրբ Պատարագի ժամանակ համախմբուած եկեղեցին կը դարձնէ առաքելական եւ ընդհանրական եկեղեցւոյ մաս: Պատարագիչի կողմէ եպիսկոպոսապետի եւ առաջնորդի անուններու զեղչումը կը նշանակէ, որ
- պատարագիչ եկեղեցականը կասկածի տակ կը դնէ ուղղափառ հաւատքի հիման վրայ մատուցուող Սուրբ Պատարագը, քանզի ուղղափառութեան տեսուչը եպիսկոպոսն ու եպիսկոպոսապետն են,
- ինքզինք դուրս կը դնէ եկեղեցական միութենէն,
- կը մերժէ Եկեղեցւոյ առաջորդի իշխանութիւնը: