ՀՐԱԺԱՐԻՆՔ ՄԵՂՔԷՆ ՈՒ ԿԱՌՉԻՆՔ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Մենք կը սիրենք յաճախ արտայայտուիլ, թէ կեանքը կը սիրենք, կեանքը կ՚ուզենք ապրիլ հանգիստ եւ անվրդով, իսկ ոմանք ալ քիչ մը ծայրայեղութեան երթալով, հետեւեալ արտայայտութիւնը կ՚ունենան, թէ՝ «մէկ անգամ եկած են այս աշխարհ, այս կեանքն է, որ ունինք, հետեւաբար «լաւագոյնս» ապրինք զայն»

Այս բոլոր արտայայտութիւնները, ցաւօք, կը գործածուին հոգեւոր պարունակութենէ զուրկ հասկացողութեամբ, որով մարդս ո՛չ թէ կը մղեն հանգիստ, անվրդով եւ «լաւագոյնս» ապրելու կեանքը, ընդհակառակը, այս մօտեցումները կեանքին եւ զայն ապրելուն կը դժուարացնեն մարդուն ընթացքը եւ զայն կը վերածեն կենդանի մեռելի մը:

Իւրաքանչիւր մարդ, յատակապէս քրիստոնեայ մարդ կոչուած է Քրիստոսով նոր կեանք մը ունենալու եւ այդ կեանքով ապրելու: Ի՞նչն է, սակայն, այդ կեանքը: Պօղոս առաքեալի 6-րդ գլուխը եթէ կարդանք, ապա յստակօրէն պիտի անդրադառնանք, թէ այդ կեանքը մեղքերէն ձերբազատիլն է եւ Քրիստոսով կենդանանալն ու այդ նոր կեանքով ապրիլն է:

Առաքեալը կը խրատէ, աւելի ճիշդ կը թելադրէ մեզի, ըսելով. «Նոյնպէս եւ դուք ձեզ մեռած համարեցէ՛ք մեղքին համար, բայց կենդանի՝ Աստուծոյ համար, մեր Տէր Քրիստոս Յիսուսով» (Հռ 6.11): Այո՛, մարդ եթէ կ՚ուզէ նոր կեանքով ապրիլ, ապա պարտաւոր է ինքզինք մեղքին համար մեռած համարել, զՔրիստոս ընդունիլ եւ արդարութեան ճամբաներէն քալել: Քրիստոսով նոր կեանքն է, որ մեզի կու տայ ապահովութիւնը մեր կեանքը հանգիստ, անվրդով եւ «լաւագոյնս» ապրելու:

Յիշենք, այնքան ատեն որ մեղքին համար չենք մեռնիր ու կը շարունակենք ծառայել մեղքին, ապա մեր պտուղը մա՛հը պիտի ըլլայ (տե՛ս Հռ 6.23), իսկ եթէ Քրիստոսով նոր կեանք ապրինք, ապա մեր պտուղը սրբութեամբ պիտի տանք եւ ատոր վախճանը յաւիտենական կեանքն է (տե՛ս Հռ 6.22):

Հրաժարինք մեղսալից կեանքէն, հրաժարինք չարութենէն, մեղքն ու չարը մեզի համար մեռած համարենք, եւ կառչինք յաւիտենական կեանք պարգեւողին, որպէսզի յաւիտեանս ապրինք Անոր հետ: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

18 փետրուար 2026, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 19, 2026