Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Երէկ, Մեծ պահքի Անառակի կիրակիին, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Արամ արք. Աթէշեան նախագահեց արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Նարեկ քհնյ. Տէյիրմենճեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շնորհք վրդ. Տօնիկեան։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, սարքուեցաւ պահքի սիրոյ սեղան՝ նոյնպէս գլխաւորութեամբ Նորին Սրբազնութեան։ Թոփգաբուի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները, որոնց միջեւ անմիջական զրոյցի մթնոլորտ ստեղծուեցաւ սիրոյ սեղանին ժամանակ։

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2026