ՄԵՐ ՄԻՏՔԵՐԸ ՎԵՐ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵՆՔ
Պօղոս առաքեալ Կողոսացիներուն ուղղած նամակին 2-րդ գլուխին մէջ կը խօսի Քրիստոսով կեանքի լիութեան մասին, ինչպէս նաեւ կեանք ու մահ Քրիստոսով, եւ ապա 3-րդ գլուխին սկիզբը ձեւով մը եզրակացութիւնը կու տայ նախորդ գլուխին մէջ ըսածներուն, գրելով. «Եթէ յարութիւն առիք Քրիստոսի հետ, ապա փնտռեցէ՛ք վերին բաները, հոն՝ ուր Քրիստոս նստած է Աստուծոյ աջ կողմը» (Կղ 3.1):
Պօղոս առաքեալ, արդարեւ, կը հրաւիրէ Կողոսացիները եւ անոնց ընդմէջէն բոլոր ժամանակներու հաւատացեալները, իրենց միտքերը բարձրացնելու դէպի վեր՝ վերին, երկնային բաները, այլ խօսքով, դուրս գալ երկրաւոր, ժամանակաւոր կապուածութիւններէ, ձերբազատուիլ աշխարհիկ մտահոգութիւններէ, մտածումներէ եւ բարձրանալ դէպի երկինք, երկնաւոր բաներու մասին մտածել: Աւելին, առաքեալը մեր կեդրոնացումը միայն վերին բաները փնտռելու մասին չ՚ուղղեր, այլեւ՝ կը շեշտէ, ըսելով հոն՝ ուր Քրիստոս նստած է Աստուծոյ աջ կողմը: Այսինքն, առաքեալը կը թելադրէ մեզի Քրիստոսի մասին ալ մտածել, հասնելու համար Քրիստոսվ ապրելու երանութեան:
Պահեցողութեան այս շրջանը ամենէն լաւ առիթն է երկնային բաներու մասին մտածելու համար: Մեր մարմինը ճնշելով, մեր մարմինը ենթարկեցնելով մեր կամքին, մեր հոգին ազատութիւն կը վայելէ, կ՚աճի, կը զօրանայ, որով այս շրջանը եթէ լաւագոյնս օգտագործենք, ապա մեր միտքերը կը բարձրանան դէպի վեր, դէպի երկինք, դէպի Քրիստոս:
Երբ մեր միտքերը Քրիստոսով լեցուին ու Քրիստոսի մասին մտածեն, ապա մեր կեանքը Քրիստոսաբոյր կը դառնայ, որով մեր կեցուածքով, խօսուածքով ու գործերով կենդանի վկաները կը դառնանք Քրիստոսի: Եւ ի՜նչ երանելին են անոնք, որոնք այդ աստիճանին կը հասնին:
Պահեցողութեան այս շրջանը, հետեւաբար, օգտագործենք մեր միտքերը մաքրելու աշխարհիկ մտահոգութիւններէ եւ ծանրաբեռնուածութիւններէ, բարձրանալու համար դէպի վեր, դէպի երկինք ու դէպի Քրիստոս: Եւ այս կրնանք իրականացնել, երբ աւելիով Աստուածաշունչ եւ հոգեւոր գրականութիւն կարդանք, մասնակցինք Սուրբ Պատարագի եւ ժամերգութիւններուն, մեր կարդացածը կեանքի կոչել՝ ողորմութիւն կատարելով, օգնելով, աջակցելով եւ Քրիստոսաբոյր կեանքով ապրելով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
1 մարտ 2026, Վաղարշապատ