ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը կը շարունակէ զբաղեցնել օրակարգը՝ խոր մտահոգութիւն պատճառով հանրային կարծիքին եւ հայաշխարհի աչալուրջ շրջանակներուն։ Այս մթնոլորտին մէջ, բանտարկեալ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի պարագային նախընթաց օր վճիռ մը արձակեց Հայաստանի Վերաքննիչ քրէական ատեանը, որ որոշեց Նորին Սրբազնութեան կալանքի տակ պահուիլը։ Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը անմիջապէս արձագանգեց այս դատավճռին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգին կողմէ հրապարակուած համապատասխան յայտարարութիւնը։
*
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը դատապարտէ 2025 թուականի յուլիսի 30-ին Շիրակի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի առընչութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Վերաքննիչ քրէական դատարանի որոշումը, որով կալանքը կիրառելու մասին սկզբնական ապօրինի դատական աքտը թողուած է ուժի մէջ։
Առաջին ատեանի դատարանը, 2025 թուականի յունիսի 28-ին, Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի դէմ կալանքը կիրառած էր՝ գործի քննութիւնը խոչընդոտելու եւ յանցանք կատարելու մտացածին հիմնաւորումներով։
Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը անազատութեան մէջ պահելը խօսքի ազատութեան սահմանափակման ուղղեալ պատժական գործողութիւն մըն է եւ ուղղակի հետեւանքը՝ իշխանութեան եկեղեցահալած քաղաքականութեան եւ եկեղեցականներու դէմ ատելութեան խօսքի։
Կը դորդորենք դատական եւ դատախազական մարմիններուն՝ անյապաղ ազատ արձակել անհիմն կալանաւորուած Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը։