«ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՀԵՌԱՆԱԼ, ԱՌԱՆՑ ԱԶԳԱՅԻՆ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԻՐ ՀԵՌԱՆԱԼԸ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԴԱՍԱԼՔՈՒԹԻՒՆ»
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Մայրավանքէ ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիսը, որու ընթացքին ան խօսեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) եւ իր միջեւ շփումներու մասին։ Նորին Սրբազնութեան դէմ այս շրջանին խնդրոյ առարկայ են պնդումներ։ Իշխանամէտ լրատուամիջոցները շրջանառութեան մէջ դրած են՝ սեռային բնոյթով գայթակղեցուցիչ տեսանիւթ մը։ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն հաստատած է անոր իսկութիւնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը յանձնախումբ մը կազմած է այդ տեսանիւթի ուսումնասիրութեան համար։ Այդ յանձնախումբի գործունէութիւնը ձախողած է եւ ներկայիս ուրիշ կազմ մը նոյն նպատակով գործի կը լծուի։ Ընդհանուր պահանջը այն է, որ այդ քննութեան շրջանին Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեանի գործունէութիւնը դադրեցուի։ Յամենայնդէպս, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այդպիսի տնօրինութենէ մը ձեռնպահ կը մնայ։ Նորին Սրբազնութիւնը բացարձակապէս կը հերքէ, թէ տեսանիւթի մէջ պատկերուածը ինքն է։
Այս համայնապատկերին վրայ տեղի ունեցաւ երէկուան մամլոյ ասուլիսը, որու ընթացքին դիւանապետը ըսաւ. «Փառք Աստուծոյ, կեանքիս մէջ չեմ ըրած ամչնալիք բաներ։ Ի հարկէ, սա չի նշանակեր, որ ես անմեղ եմ։ Ըսած եմ, որ բազմաթիւ մեղքեր գործած եմ»։
Բաց աստի, ան շեշտեց, որ իր անձնական կեանքի գաղտնիքը խախտուած չէ, խախտուած չէ նաեւ իր ընտանիքի անդամներէն ոեւէ մէկուն անձնական կեանքի գաղտնութեան իրաւունքը։ Կրկնելով, որ տեսանիւթի մէջ երեւցողը ինքը չէ՝ ան ըսաւ. «Դուք պէտք է գտնէք այդ անձը, որ յօրինած է այս տեսագրութիւնը եւ տարածած է զայն»։
Լրագրողներ հարց տուին, թէ մինչ այս տեսագրութեան հրապարակումը արդեօք եղա՞ծ են փորձեր՝ սրբազանը շանթաժի ենթարկելու առումով, որպէսզի ան դադրեցնէ երկրի վարչապետին հասցէագրուած քննադատութիւնները։ Դիւանապետը պնդեց, որ եղած են ակնարկութիւններ որոշակի գործողութիւններ իրականացնելու մասով, իսկ ակնարկողները եղած են ԱԱԾ-էն։ Նորին սրբազնութիւնը հաստատեց մամուլի հրապարակումները, ըստ որոնց, իշխանութիւնը քննադատելու պատճառով երկու անգամ հանդիպած է ԱԱԾ-ի տարբեր պաշտօնեաներու հետ։ Ան չփափաքեցաւ հրապարակել անոնց անունները՝ աւելցնելով, որ անոնցմէ ոմանք ներկայիս չեն պաշտօնավարեր, իսկ ոմանք ալ տակաւին համակարգի մէջ են։
«Ես չեմ կանչուած, ըստ էութեան, ծանուցագրեր չեն ուղարկուած, պարզապէս եղած է հրաւէր հանդիպումներու եւ մենք հանդիպած ենք։ Ի հարկէ, հանդիպումներու ընթացքին իրենք հնարաւորութիւն ունեցած են իրենց դիրքորոշումը արտայայտելու, ես ալ իմ դիրքորոշումներս արտայայտած եմ։ Ի հարկէ, տարբեր տեսակի պնդումներ եղած են, համոզումներ եղած են, ի հարկէ, որոշակի գործողութիւններ իրականացնելու ակնարկներ եղած են։ Թող Աստուած իմ մեծամտութիւնը ներէ, եթէ այդպէս կ՚ընկալուի։ Ես այն անձը չեմ, որու դէմ սպառնալիքներով, վախի ներշնչմամբ, ահաբեկչութեամբ հնարաւոր է հասնիլ այնպիսի գործողութիւններու, որոնք չեն բխիր իմ համոզումներէն», շարունակեց ան։
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան վերահաստատեց, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պիտի չհեռանայ։ Ան շարունակեց.
«Կաթողիկոսը որեւէ հնարաւորութիւն չունի հեռանալու։ Որեւէ նախադրեալ չեմ տեսներ, որ Կաթողիկոսը պէտք է հեռանայ։ Կաթողիկոսը չի կրնար հեռանալ միայն այն պատճառով, որ կարգ մը շրջանակներ՝ ներառեալ կասկածելի շրջանակներ, որոնց եկեղեցւոյ պատկանելիութիւնը խիստ տարակուսելի է, այդպիսի օրակարգ յառաջ կը քշեն։ Չի կրնար հեռանալ այն պարագային, եթէ տասն եպիսկոպոս այդպիսի պահանջ յառաջ քշած է։ Կաթողիկոսը կ՚ընտրուի Ազգային-եկեղեցական ժողովին կողմէ։ Եւ Ազգային-եկեղեցական ժողովէ դուրս Կաթողիկոսի որեւէ նման որոշում, որով ինքը պէտք է հեռանայ, դասալքութիւն կ՚ըլլայ։ Կաթողիկոսը չի կրնար հեռանալ, ինքն ալ այդ մասին քանիցս ըսած է։ Ես վստահ եմ, թէ Կաթողիկոսի կողմէ այդպիսի որոշում մը չ՚առնուիր, չի կրնար առնուիլ»։
Նորին սրբազնութիւնը ասուլիսի ընթացքին պատասխանեց նաեւ հոգեւոր ծառայութիւնը դադրեցնելու վերաբերեալ հաւանականութեան շուրջ հարցման մը։ Ան դիտել տուաւ, որ ինք այս պահուն մտադիր չէ թողել հոգեւոր ծառայութիւնը, բայց, չբացառեց, որեւէ պահով այդպիսի որոշում մը առնելը։ «Երբ ես գնահատեմ, որ սա եկեղեցւոյ շահուն տեսակէտէ արդիւնաւէտ է, օգտակար է, ես պատրաստ եմ ամէն քայլ առնելու, ո՛չ միայն պաշտօնավարութիւնս դադրեցնելու, այլեւ ընդհանրապէս կարգս թողելու։ Բայց, չեմ պատրաստուիր ընել գործողութիւն մը, որ ենթադրել կու տայ, թէ ինծի վերագրուածը ճիշդ է», եզրափակեց սրբազանը։