Երկուշաբթի 20, Հոկտեմբեր 2025
ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ ՊԱՏԱՐԱԳԻՉ
Երէկ առաւօտ, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ Ս. Պսակի խորհրդակատարութեան մը հանդիսապետելու համար հրաւիրուած էր Հայաստան։ Իր կարճատեւ կեցութիւնը առիթ դարձաւ, որպէսզի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ան պատարագէ՝ միաբաններու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Օրուան քարոզին մէջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան մեկնակէտ ունեցաւ Ս. Աւետարանի հետեւեալ մէջբերումը. «Տիրոջ հոգին իմ վրաս է, վասնզի զիս օծեց աղքատներուն Աւետարան քարոզելու»։
Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025