ՆԱՐԼԸԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ
Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Ս. Աւետարանիչներու յիշատակութեան տօնին առթիւ պատարագեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան եւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Տիգրան Սրկ. Պեսքիսիզեանի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ան շեշտեց, որ հաւատացեալները Աստուծոյ ձայնին հաղորդ կը դառնան Ս. Աւետարանիչներու միջոցաւ։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Սայաթ Նովա» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան՝ Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Հերման Կիւրճեան եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։