ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ԱՆՍԱՍԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յայտարարեց, որ մեր Սուրբ Եկեղեցին անսասան է։ Հայաստանի «Մեր ձեւով» ընդդիմադիր շարժումը երէկ ուխտագնացութիւն մը կազմակերպեց դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Այդ շարժումը կը գլխաւորէ յայտնի գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեան, որ բանտարկուած է՝ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան զօրակցութիւն յայտնելէ վերջ։
Ուխտաւորներու մասնակցութեամբ, Միածնաէջ Մայր Տաճարի մէջ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ միասնական աղօթք։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը պատգամը փոխանցեց բոլորին՝ շեշտելով, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սերունդէ սերունդ հայոց կեանքին փոխանցուած են տէրունաշնորհ հաւատքը, հայրենանուիրումն ու ազգային ոգին։ «Մեր ժողովուրդը դարերու հոլովոյթին մէջ միշտ Սուրբ Էջմիածնով միասնական ու աննկուն մնացած է», ըսաւ ան՝ շեշտելով, որ Հայաստան ներկայիս կանգնած է լրջագոյն մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման։
Իր խօսքով՝ արտաքին ծանր սպառնալիքները կը զուգակցուին ազգային արժէքներու եւ ինքնութեան նուիրագործուած ընկալումներու խեղմամբ, ներքին պառակտումով, ինչ որ աւելի կը խորանայ անհանդուրժողականութեան ու ատելութեան սերմանումով՝ յառաջացնելով նոր բաժանումներ։ Վեհափառը շեշտեց, որ բանտարկեալ եկեղեցականները, Սամուէլ Կարապետեանն ու քաղաքացիական այլ անձերը բոլորի սրտին ու աղօթքներուն մէջ են։ Վեհափառ Հայրապետը աւելի վերջ շեշտեց. «Հակառակ իշխող ուժի կողմէ հակաեկեղեցական դատապարտելի գործողութիւններու՝ մեր Սուրբ Եկեղեցին անսասան է, հզօր՝ մեր հաւատաւոր ժողովուրդով եւ նոյն նախանձախնդրութեամբ պիտի շարունակէ արդիւնաւորել տէրունաւանդ իր առաքելութիւնը՝ հետամուտ ըլլալով նաեւ մեր ազգի եւ հայրենիքի շահերու պաշտպանութեամբ։ Մեր կոչն է մեր հաւատաւոր զաւակներուն՝ ամուր մնալ, չտկարանալ, չընկրկիլ մեզի բաժին վիճակած դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու առջեւ, այլ յառաջ ընթանալ առաքելապատուէր քաջութեամբ։ Միասնաբար, համատեղ ջանքերով ամրապնդենք յոյսն ու հաւատը մեր կեանքին մէջ, բարին ու խաղաղութիւնը մեր երկրէն ներս։ Համերաշխութեամբ ու միաբանութեամբ պիտի կարողանանք իրագործելի դարձնել պետութեան հզօրացման եւ հայրենիքի շինութեան մեր համընդհանուր տեսիլքները»։