ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայ Երուսաղէմը համակուած է Սուրբ Ծնունդի տաղաւարի հոգեւոր ուրախութեան եւ հրճուանքի մթնոլորտով։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ Սուրբ Երկրէն ներս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին Հին տոմարի հիման վրայ կը նշէ Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքէն ներս տօնական շրջանին բացառիկ մթնոլորտ ստեղծուած է՝ թէ՛ արտասահմանէն հայ ուխտաւորներու ներկայութեամբ եւ թէ Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու կողմէ ցուցաբերուած վերաբերմունքով։
Սուրբ Աթոռի դիւանի հաղորդումներով, երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան ընդունեց Սուրբ Ծնունդի տաղաւարի պաշտօնական շնորհաւորութիւնները։ Հայոց Պատրիարքարանի «Կիւլպէնկեան» սրահի երդիքին տակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաւօտեան ժամերէն սկսեալ ընդունեց իրերայաջորդ այցելութիւններ՝ իր կողքին ունենալով Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները։ Այսպէս, հայոց Սուրբ Ծնունդը շնորհաւորելու փութացին Երուսաղէմի լատինաց միաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ Կաթոլիկ, Բողոքական, Ասորի ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները կամ ներկայացուցիչները։ Նորին Ամենապատուութիւնը եղբայրաբար ողջագուրուեցաւ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Հոգեւոր առաջնորդները իրարու հետ Սուրբ Ծնունդի աւետիսը փոխանակեցին՝ միշտ զօրակցութեան տրամադրութիւններով եւ եղբայրական ջերմ զգացումներով։
Հարկ է յիշեցնել, որ հայոց Սուրբ Ծնունդի նախօրէին, Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու միասնականութեան եւ անոնց ներկայացուցչական հանգամանքներուն վերաբերեալ համատեղ յայտարարութիւն մը հրապարակուած էր՝ Երուսաղէմի պատրիարքներուն եւ միւս քրիստոնէական յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն կողմէ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը Սուրբ Ծնունդի տաղաւարի առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ ըսած էր հետեւեալը. «Աղօթենք բոլորս եւ մեր միջոցներով, մեր դիրքերէն գործենք չյոգնող վճռական եռանդով, որպէսզի գալիքը չվարակուի անցեալի մեղքերով, անցեալի խարխափումներով, որպէսզի արմատախիլ ըլլան արմատները բոլոր տեսակի չարիքներուն, որոնք կը թունաւորեն հոգիները մարդոց եւ յարաբերութիւնները միջազգային։ Այդպիսի չարիքներ են մեր օրերուն՝ մանաւանդ ազգամիջեան ատելութիւնները, ընկերային անարդարութիւնները, ազգայնական եսամոլութիւններն ու ցեղապաշտական խտրականութիւնները, անսանձ սպառազինութիւններն ու ոմանց՝ արիւն թափելու հիւանդագին հոգեվիճակը, որ երբեմն անհաւատալի չափերով կը զարգանայ աշխարհի տարբեր կողմերը, անմեղ մարդոց կեանքը խլող ահաբեկչական անմարդկային արարքներով։ Կարելի չէ հաշտուիլ նման չարիքներու եւ նման ողբերգութիւններու հետ։ Հայ ժողովուրդի անցեալ դարերու ողբերգական փորձը առաւել հրամայական կը դարձնէ մեզի համար ազգերու համերաշխութիւնը, ազատութեան եւ ազգային ինքնորոշումի սկզբունքներու հիման վրայ»։