ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՀԵՏԵՒԱՆՔ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ կարգալոյծ հռչակուեցաւ Տ. Արամ Քհնյ. Ասատրեան։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ տնօրինութեան համար հիմք ծառայած են Արագածոտնի թեմակալ առաջնորդի զեկուցագիրը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Պարգեւներու շնորհման եւ կարգապահական հարցերու յանձնախումբի եզրակացութիւնը։ Այստեղ թուարկուած են բազում փաստեր, որոնք կը վկայեն, թէ կարգալոյծ հոգեւորականը դրժած է հնազանդութեան ուխտը եւ, ըստ էութեան, ինքզինք դուրս դրած եկեղեցիէն։
Հայաստանէ ներս իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ, վերջին օրերուն Արագածոտնի թեմէն ներս իրաւապահներու կողմէ կատարուած դիտաւորեալ գործողութիւններուն հիմք ծառայած էին Ասատրեանի՝ իբրեւ թէ ցուցմունքները, որոնք մատնութենէ աւելի զրպարտութեան բնոյթ կը կրէին։