«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԻՏԻ ՉՄՈՌՑՈՒԻ»

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Save Armenia» յուդայա-քրիստոնէական դաշինքի տնօրէն Մաթիաս Փերթուլլան եւ տնօրէններու խորհուրդի անդամներէն տքթ. Ալվետա Քինկը, որ Մարթին Լութեր Քինկի կրտսեր զարմուհին է, քաղաքացիական իրաւունքի պաշտպան եւ քրիստոնէական հաւատքի դեսպան։

Զրոյցի ընթացքին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց այս դաշինքի անդամներն ու աջակիցները, որոնք Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին զօրակցութիւն կը ցուցաբերեն ու կը ջանան միջազգային հարթակներու վրայ նպաստել հայութեան ձայնի լսելի դառնալուն։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն։ Նորին Սրբութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Ատրպէյճանին ներկայացուցած պահանջներուն, Պաքուի մէջ ի պահ դրուած ռազմագերիներու, Արցախէ տեղահանուած հայութեան իրաւունքներու եւ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան իւրացման ու ոչնչացման փաստերու առընչութեամբ։ Ուստի, ան կարեւորեց բարեկամ երկիրներու եւ միջազգային հանրութեան ջանքերը՝ ի նպաստ տարածաշրջանէ ներս արդար ու կայուն խաղաղութեան հաստատման։

Դաշինքի ներկայացուցիչները կրկնեցին իրենց զօրակցութիւնը Հայոց Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին ի նպաստ՝ բաժնելով մտահոգութիւնները արցախահայութեան ոտնահարեալ իրաւունքներու եւ հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման կապակցութեամբ։ Անոնք շեշտեցին, որ պիտի շարունակեն այս հարցերը բարձրաձայնել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական մարմիններէն ներս՝ վստահեցնելով, թէ Հայաստան պիտի չմոռցուի համաշխարհային մեծ իրադարձութիւններու յորձանուտին մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2025