ՎԵՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՃԱՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենս երէկ այցելեց Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարը։ Դէպի Իսրայէլ ուղեւորութեան շրջանակներէն ներս ան համաքրիստոնէական այս սրբավայրը այցելեց՝ իր կողակցին ընկերակցութեամբ։ Ս. Յարութեան տաճարի մուտքին Վենս դիմաւորուեցաւ Սուրբ Տեղեաց իրաւատէր երեք համայնքներու հոգեւոր պետերուն կողմէ։ Պատանատեղւոյն առջեւ երկրպագելէ վերջ, ան բարձրացաւ Ս. Գողգոթայ, այցելեց Ս. Գերեզման։ Հայոց ուշաթափման վայրին մէջ ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահը ողջունեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան միաբաններէն Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեանը, յանուն հայ պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի, Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան։ Այս փուլին ան խօսեցաւ Սուրբ Երկրէն ներս հայկական ներկայութեան շուրջ։ Նորին Սրբազնութիւնը Վենսին նուիրեց հայկական յախճապակիի արուեստի նմոյշ մը՝ նուռ մը, որ կը խորհրդանշէ խաղաղութիւն, պտղաբերութիւն եւ բարօրութիւն։

Վենսի Ս. Յարութեան տաճարի այցին ժամանակ, բացի Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեանէն, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը ներկայացուցին դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան եւ Ս. Յարութեան տաճարի առժամեայ տեսուչ Տ. Տիրան Վրդ. Յակոբեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2025