ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆԻ ԱՆՈՒՆՈՎ ԳՐԱԴԱՐԱՆ ՄԸ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։ Այսպէս, բարեյիշատակ ազգային բարերար Յովհաննէս Չիլինկիրեանի անունով հաստատուած գրադարանի պաշտօնական բացման արարողութիւնը համախմբեց միաբանութիւնն ու հիւրեր։ Երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը կը դիմագրաւէ հալածանքներ ու փոթորկալի ժամանակաշրջան մը, այս իրադարձութիւնը առաւել եւս ողջունելի դարձաւ բոլորին համար։ Անշուշտ, ժամանակաւոր հանգամանքներէ անդին, լուսահոգի Յովհաննէս Չիլինկիրեանի անթառամ յիշատակը շատ բան կը խորհրդանշէ հայկական սփիւռքին տեսակէտէ։ Ան երախտաշատ բարերար մը եղած է՝ ո՛չ միայն իր միջոցներէն ազգին լայն բաժին դուրս բերած ըլլալու համար, այլեւ իր միջոցներով ազգի արժէքներուն պահակը դարձած ըլլալու բերումով։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի «Կոմիտաս» դահլիճին մէջ բացուեցաւ հանգուցեալ Յովհաննէս Չիլինկիրեանի անունով կոչուած գրադարանը։ Այս վերջնոյն հաստատման նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուեցաւ բարերարի դուստրերուն՝ Շամիրամ Աւագեանի եւ Անի Սրմաքէշի օժանդակութեամբ ու ազնիւ ջանքերով։ Այս գրադարանը կը պարունակէ Յովհաննէս Չիլինկիրեանի հնատիպ գիրքերու հաւաքածոն։
Գրադարանի պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ Յակոբ եւ Շամիրամ Աւագեաններուն շնորհեց՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձրագոյն շքանշանը։ Մեծարեալներու կեանքին, ազգօգուտ ու հայրենանուէր գործունէութեան անդրադարձաւ յայտնի մտաւորական Ռուբէն Միրզախանեան։ Ապա, Հայրապետական սրբատառ կոնդակը վերաբերուեցաւ «Էջ Միածինն ի Հօրէ» շարականի երգեցողութեան ներքեւ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան հանդիսաւորապէս ընթերցեց Հայրապետական սրբատառ կոնդակը, ուր ի մասնաւորի նշուած էր հետեւեալը. «Այսօր առիթն ունինք մեր բարձր գնահատանքը բերելու ձեզի գորգերու ձեր անձնական մեծարժէք հաւաքածոն Սուրբ Էջմիածնի ընծայաբերելու պատրաստակամութեան համար։ Անոնց մէկ մասը արդէն փոխանցած էք Մայր Աթոռին։ Մեծապէս ուրախ ենք, որ ձեր օժանդակութեամբ Սուրբ Էջմիածինը պիտի օժտուի նաեւ հայկական գորգերու թանգարանով մը՝ ի ցոյց դնելով մեր ժողովուրդի գորգագործութեան հարուստ աւանդներն ու ժառանգութիւնը»։
Կոնդակի ընթերցումէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը երախտաշատ բարերար Յակոբ Աւագեանի կուրծքը զարթարեց շքանշանով, մինչ Շամիրամ Աւագեանին վիճակեցաւ խորհրդանշական ժապաւէնը հատելու պատիւը։ Միեւնոյն ժամանակ, յանուն ընտանիքին, Շամիրամ Աւագեան Նորին Սրբութեան ուղղեալ երախտագիտութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ։
Յայտագրի տեւողութեան բարձր գնահատանքի արժանացան Հայաստանի «Նոր անուններ» ծրագրի պատանի երաժիշտներու կատարումները։
Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետի «Պահպանիչ» աղօթքով։
