ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերը, որ կ՚աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ Հայաստանէ ներս պաշտօնավարութեան շրջանին դեսպանին կողմէ իրականացուած առաքելութեան։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ կանգ առաւ նաեւ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւններուն վրայ։ Ան խօսեցաւ Հայաստանի եւ Լիբանանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին՝ վստահութիւն յայտնելով, թէ անոնք պիտի յաղթահարուին ժողովուրդներու զօրեղ հաւատքի եւ լաւատեսութեան ոգիին շնորհիւ։ 

Իր կարգին, դեսպան Տաղերն ալ արձանագրեց, որ երկու երկիրներու բարեկամութիւնը պիտի շարունակուի նորանոր արդիւնքներ արձանագրել եւ առաւել ամրապնդուիլ։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը դեսպանին յաջողութիւններ մաղթեց դիւանագիտական ապագայ գործունէութեան համար։

Ուրբաթ, Յուլիս 25, 2025