ՊՈՌՆԻԿՆԵՐ ՉԸԼԼԱՆՔ
Այսօրուան այսպէս կոչուած զարգացած աշխարհը մարդուն առջեւ բազմաթիւ հնարաւորութիւններ ու ընտրութիւններ ընձեռած է եւ մարդ, յաճախ, կը տարուբերի այս հնարաւորութիւններուն եւ ընտրութիւններուն մէջ: Անդին, ոմանք «յոգնելով» միապաղաղ կեանքէն, միշտ կը փորձեն նորութիւններ, նոր բաներ: Այս երեւոյթը շատ յաճախ կ՚ընդլայնի՝ հասնելու համար նաեւ հոգեւոր կեանքին, կրօնական ըմբռնումներուն ու համոզումներուն եւ մարդ-Աստուած յարաբերութեան, որով այս խումբին պատկանող մարդիկ՝ նոյնիսկ քրիստոնեաներ, նոր բաներ փորձելու մարմաջէն տարուելով, մուտք կը գործեն զանազան կրօնական հոսանքներէ ներս…:
Այս խումբին պատկանող մարդիկը լաւ կ՚ըլլայ, որ գէթ մէկ անգամ կարդան Երեմիայի մարգարէութեան հետեւեալ տողերը. «Երբ մարդ մը արձակէ իր կինը եւ ասիկա հեռանայ իրմէ ու ուրիշ տղամարդու մը հետ ամուսնանայ, ապա դարձեալ վերադառնայ նախկին մարդուն մօտ, արդեօք այդ կինը ամբողջապէս պղծուած չըլլա՞ր: Իսկ դուն [հրեայ ժողովուրդը] բազմաթիւ առաջնորդներու հետ պոռնկացար եւ Իմ մօտս վերադարձար,- կ՚ըսէ Տէրը: Բարձրացո՛ւր աչքերդ, ուղիղ դէպի առջեւ նայէ՛ ու տե՛ս, թէ ճամբաներուդ մէջ ո՛ւր ըսես պղծութեամբ չթաթախուեցար: Ագռաւի պէս առանձին ու անօգնական՝ նստար այդ ճամբաներուն եւ քու պոռնկութիւններով ու չարութիւններով երկիրը պղծեցիր: Ի գայթակղութիւն քեզի՝ բազմաթիւ առաջնորդներ ունեցար, պոռնիկ կնոջ կերպարանք առիր եւ բոլորին մօտ կորսնցուցիր ամօթդ: Զիս իբրեւ տաճար չ՚ընդունեցիր, իբրեւ Հայր եւ Իշխան քու կուսութեանդ: “Միթէ Տէրը յաւիտեան բարկացա՞ծ պիտի մնայ եւ բարկութիւնը ընդմիշտ պիտի պահէ՞,- ահա այսպէս ըսիր դուն, գործեցիր այդ բոլոր չարիքները եւ զօրացար» (Եր 3.1-5):
Ոմանք թերեւս զարմանան այս տողերուն համար, բայց այս տողերը մեզմէ իւրաքանչիւրիս կը վերաբերին, մեզի՝ որ թէեւ քրիստոնեայ անունը կը կրենք, բայց մեր գործերով քրիստոնէութենէն շա՜տ հեռու ենք: Մեզի՝ որ թէեւ թերեւս ամէն օր «Հայր մեր» աղօթքը կ՚ըսենք, բայց զԱստուած որպէս Հայր ու Իշխան չենք ճանչնար ու ընդունիր: Մեզի՝ որ թէեւ հաւատացեալ ենք կը պարծենանք, բայց ամէն տեսակի աշխարհիկ աւելորդապաշտութեան մէջ կը մխրճուինք, ըսելով, թէ պարզապէս կը փորձենք:
Արդարեւ, Երեմիա մարգարէին տողերը կարդալով զգաստանանք, սթափինք եւ յիշենք, որ մեր Հայրը, Իշխանը, Արարիչ Աստուածը նախանձոտ ու նախանձախնդիր է եւ չ՚ուզեր, որ Իրեն վերաբերող փառքն ու պատիւը ուրիշներուն տանք: Հետեւաբար պաշտենք զԻնք մեր ամբողջ էութեամբ, միտքով, սիրտով ու հոգիով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
25 փետր. 2026, Վաղարշապատ