ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՔԱՐԱՅՐԸ
Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան այցելեց Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան տաճարը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ Սուրբ Ծննդեան քարայրէն ներս ձեռնարկուած վերանորոգման աշխատանքներուն։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները։ Ինչպէս ծանօթ է, թէ՛ Սուրբ Ծննդեան տաճարը եւ թէ Սուրբ Երկրի միւս տէրունակոխ վայրերը կը տնօրինուին Հայաստանեայց Առաքելական, Յոյն Ուղղափառ եւ Լատին եկեղեցիներուն կողմէ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ ականատես եղաւ Սուրբ Ծննդեան քարայրէն ներս ցարդ կատարուած աշխատանքին։ Հարկ է նշել, որ այս վերանորոգման ծրագիրը կ՚ընթանայ՝ Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի կողմէ 2024 թուականին ստորագրուած հրամագրին հիման վրայ։ Գործնական աշխատանքը յառաջ կը տարուի Իտալիայէն «Piacenti» ընկերութեան կողմէ։
Կը նախատեսուի, որ աշխատանքները աւարտին 2026 թուականի օգոստոսին։
