«ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՀԱԼԱԾԱՆՔՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ»
Հայաստանէ ներս յառաջացած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը հետզհետէ կը խորանայ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղղակիօրէն կը թիրախաւորէ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Ան իշխանաւորներու հետ վերջին շաբաթներուն զանազան գիւղերու եկեղեցիներէն ներս կը մասնակցի կիրակնօրեան սուրբ պատարագներու։ Անոնցմէ ոմանք կարգալոյծ հոգեւորականներու կողմէ կը մատուցուին, իսկ ոմանք ալ տեղւոյն թեմակալ առաջնորդի ներկայութեամբ։ Փաշինեան շաբաթներ առաջ յայտարարեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կաթողիկոս չունի։
Վարչապետի ծայրայեղութիւնները այլեւս դադրած են զարմանալի ըլլալէ։ Հայաստանեան մամուլը կը գրէ, որ այս գործընթացը, որով Վեհափառ Հայրապետը կը թիրախաւորուի, ըստ էութեան, կ՚ընթանայ Փաշինեանի նախատեսած հունով։ Ան արդէն վստահութիւն յայտնած է, որ գործընթացը կ՚ունենայ իր տրամաբանական աւարտը։
Ըստ որոշ աղբիւրներու՝ տպաւորութիւն ստեղծուած է, որ եկեղեցիէն ներս որոշ պառակտումներ մտցնել կը յաջողին իշխանութիւնները։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեանի վերաբերեալ ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած տեսանիւթը այս առումով լուրջ դեր կը խաղայ։ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ յանձնախումբ մը նշանակուած է այդ տեսանիւթին ճշգրտութիւնը քննելու համար։ Յանձնախումբի եպիսկոպոսները Նորին Սրբութենէն պահանջած են մինչեւ քննութեան աւարտը առկախել Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեանի գործունէութիւնը։ Ըստ երեւոյթին, Նորին Սրբութիւնը յարմար չէ դատած այդ խնդրանքին ընդառաջելը, իսկ յանձնախումբի անդամներու համապատասխան նամակի համացանցի վրայ յայտնուիլը հարցին վերագրած է այլ ծալքեր։
Հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտած է, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցած է Եպիսկոպոսական ժողով, որու մասնակիցները արձակման ժամանակ չեն պատասխանած զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգն ալ այս կապակցութեամբ որեւէ պաշտօնական հաղորդում չէ կատարած։
Իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ բանտարկուած հոգեւորականներն ու այլ դէմքերը արդէն հանրային կարծիքի խղճին մէջ կը համարուին քաղաքական բանտարկեալներ։ Երեւանի մէջ, վերջին օրերուն ցոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ՝ անոնց ազատ արձակման պահանջով։ Սա ընդդիմութեան հերթական քայլն էր եւ, անշուշտ, յառաջիկայ տարուայ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ հետզհետէ հարցին քաղաքական երեսակը կը խորանայ անխուսափելիօրէն։
Հայաստանի այս իրադարձութիւնները արձագանգ կը գտնեն նաեւ միջազգային հարթութեան վրայ։ Ուաշինկթընէն ներս կազմակերպուած «Քրիստոնէութեան հալածանքները Հայաստանի մէջ» նիւթով քննարկման ժամանակ օրակարգի վրայ եկած են սոյն խնդիրները։ Միջազգային իրաւագէտ Փիթըր Ֆլիւ, ի թիւս այլ մասնագէտներու, ներկայացուցած է քաղաքական հետապնդումներու պատկերը Հայաստանէ ներս։ Իր խօսքով՝ Հայ Եկեղեցւոյ բարերար Սամուէլ Կարապետեանի դէմ նախնական կալանքը՝ որպէս պատիժ կիրառելը խիստ մտահոգիչ է։
«Միայն կարելի է պատկերացնել, թէ ի՞նչ կ՚ըլլար եթէ կաթոլիկ երկրի մը ղեկավարը. օրինակ՝ Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնին սկսէր յարձակիլ Լեւոն ԺԴ. Պապին վրայ Ֆէյսպուքի մէջ եւ ըսէր՝ մենք յանձնաժողով կը հրաւիրենք տապալելու համար պապը։ Նման շոք պատմութիւն մը ցնցած է Հայաստանի ժողովուրդը։ Միեւնոյն ժամանակ, մենք ականատես եղած ենք եպիսկոպոսներու, հոգեւորականներու եւ հաւատացեալներու ձերբակալութիւններուն։ Անոնցմէ մին Սամուէլ Կարապետեանն է»։