ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ Ս. ԷՃԻՏԻՕ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս օրերուն կ՚այցելէ Հռոմ։ Ան շաբաթավերջին մեկնեցաւ Իտալիա՝ որպէս գաւազանակիր ընկերակից ունենալով Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Իտալիոյ մէջ կը մասնակցի Ս. Էճիտիօ միաբանութեան տարեկան հաւաքին, որու ընթացքին կը փոխանցէ իր պատգամը։
Երէկ, Գիւտ Խաչի տօնին, Հռոմի Ս. Վլաս եկեղեցւոյ մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը նախագահեց Ս. Պատարագին եւ խօսեցաւ քարոզ մը։ Ներկայ էր նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Հայրապետի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակի տնօրէն Տ. Գարեգին Վարդապետ Համբարձումեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Պսակ Վարդապետ Թեփիրճիեան եւ Տ. Աթանաս Աբեղայ Սարգսեան։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ զրուցեց Ս. Պատարագի մասնակցած հաւատացեալներուն հետ։
