ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան ենթարկուեցաւ վիրահատութեան։ Ծանօթ է, որ ան ներկայիս բանտարկուած է՝ Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Հայաստանի իշխանութիւնները կը թիրախաւորեն եկեղեցին եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ արդէն չորս սրբազան կը գտնուի բանտի ճաղերու ետին։ Անոնց շարքին առաջին կալանաւորուածներէն է Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան, որու գործողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնէն ներս։ Այս հիւանդանոցը կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ։

Ըստ մասնագէտներու՝ Նորին Սրբազնութեան գործողութիւնը անցած է բարեյաջող։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2025