ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԲԺՇԿՈՒՄ

Քրիստոնէից միութեան աղօթքի շաբաթը այս տարի բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տեսակէտէ։ Հայ Եկեղեցւոյ քրիստոնէական վկայութեան նշանին ներքեւ անցաւ այս շաբաթը, որու տեւողութեան աշխարհի զանազան անկիւններուն քրիստոնէական եկեղեցիներ անդրադարձան հայոց հաւատի դարաւոր փորձառութեան։

Հռոմի Ս. Պօղոս տաճարին մէջ, շաբաթավերջին, Քրիստոնէից միութեան աղօթքի շաբթուան եզրափակիչ փուլը բնորոշուեցաւ հանդիսաւոր երեկոյեան ժամերգութեամբ, որուն նախագահեց Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը։ Այս ժամերգութեամբ ամփոփուեցաւ աղօթքի շաբաթը՝ զանազան եկեղեցիներու եւ եկեղեցական համայնքներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ արարողութեան մասնակցեցան Վատիկանի Սուրբ Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեան, Հռոմի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Աթանաս Աբեղայ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Հռոմի մէջ ուսում ստացող Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Տէր-Մկրտիչեան եւ Տ. Մաշտոց Աբեղայ Մխիթարեան։

Ժամերգութեան ընթացքին Սրբազան Պապը անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդին։ Ան յիշեցուց, որ այս տարուան աղօթքները պատրաստուած էին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ։ Սրբազան Քահանայապետին խօսքով՝ անոնք վկայութիւն են այն քրիստոնէական քաջ հաւատքի մասին, որ հայ ժողովուրդը դրսեւորած է իր պատմութեան ընթացքին. պատմութիւն մը, ուր նահատակութիւնը մշտական յատկանիշ եղած է։

Սրբազան Քահանայապետը հաւատացեալներուն կոչ ուղղեց՝ հայեացք սեւեռել Հայ Եկեղեցւոյ ԺԲ. դարու Կաթողիկոս Ս. Ներսէս Շնորհալիին վրայ։ Նորին Սրբութիւնը Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը յիշատակեց՝ որպէս միասնութեան անխոնջ գործիչ։ Ան դիտել տուաւ, որ Ս. Ներսէս Շնորհալին խորապէս կը գիտակցէր, որ եկեղեցւոյ միասնութեան որոշումը կը վերաբերի ամբողջ հաւատացեալ ժողովուրդին եւ կը ներառէ նաեւ յիշողութեան բժշկումը, որ կոչուած է «անցեալի վէրքերը փոխակերպելու հաշտութեան ճանապարհներու»։

Սրբազան Պապը շարունակեց. «Ս. Ներսէս կրնայ մեզի ուսուցանել նաեւ այն վերաբերմունքը, որ պէտք է ունենանք մեր միասնութեան ճանապարհին՝ ինչպէս կը յիշեցնէր իմ երանաշնորհ նախորդը՝ Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ը. “Քրիստոնեաները պէտք է ունենան ներքին խոր համոզում, թէ միասնութիւնը անհրաժեշտ է ո՛չ թէ որեւէ ռազմավարական առաքելութեան կամ քաղաքական շահու համար, այլ՝ Աւետարանի քարոզութեան բուն նպատակին համար”»։ Լեւոն ԺԴ. Պապը յիշեցուց, որ Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը այս արտայայտութիւնը ունեցած էր Երեւանի մէջ, 26 սեպտեմբեր 2001 թուականին։

Իր պատգամի շարունակութեան Սրբազան Քահանայապետը յիշեցուց, որ հայերը՝ որպէս առաջին քրիստոնեայ ազգ, շատ կանուխ ընդունած են Աւետարանը՝ փրկութեան խօսքի անվախ քարոզիչներու շնորհիւ։ Հայաստանէն հաւատքը տարածուեցաւ Արեւելք եւ Արեւմուտք՝ դառնալով միասնութեան եւ խաղաղութեան սերմ։ Այս համատեսքին մէջ Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց աղօթել, որպէսզի Աւետարանը շարունակէ Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ պտուղ տալ միասնութեան, արդարութեան եւ սրբութեան մէջ՝ ի նպաստ ժողովուրդներու եւ ազգերու խաղաղութեան։

Արարողութեան ընթացքին Սրբազան Պապը յատուկ ողջոյն յղեց Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ Փոլիքարափոս մետրապոլիտին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանին, ինչպէս նաեւ Վատիկանի մէջ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ Էնթընի Պոլ եպիսկոպոսին։

Արարողութեան ընթացքին Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանն ալ ընթերցեց աղօթք մը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 28, 2026