ՀԱԿԱՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողով։ Նիստը վարեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի վարիչ, Վանական խորհուրդի ատենապետ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ վերջ Վեհափառ Հայրապետը հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով։ 

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի օրակարգին վրայ ընդգրկուած էին եկեղեցւոյ կանոնական, վարչական, կարգապահական խնդիրները։

Ապօրինի ազատազրկուած եկեղեցականներու, ազգային բարերարի դէմ նախաձեռնուած քրէական վարոյթներու, դատավարական գործընթացներու եւ արձակուած դատավճիռներու, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներու դէմ բռնաճնշումներու վերաբերեալ զեկոյցներով հանդէս եկան փաստաբան Արա Զօհրապեան, փաստաբան Արսէն Պապայեան եւ փաստաբան Յովհաննէս Խուդոյեան։ 

Արձանագրուեցաւ, որ եկեղեցականներու դէմ առաջադրուած մեղադրանքները եւ կիրառուած խափանման միջոցները հիմնուած են ոչ-իրաւաչափ փաստերու վրայ եւ իրաւական առումով չեն բխիր օրինականութեան ու արդար դատաքննութեան հիմնարար սկզբունքներէն, կը կրեն ընտրովի եւ խտրական բնոյթ։

ԳՀԽ խստօրէն դատապարեց ծառայութիւն իրականացնող հոգեւորականներու դէմ ճնշումները՝ արձանագրելով, որ անոնք Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան ակնյայտ խախտումներ են եւ ունին շարունակուող մտահոգիչ միտումներ։ 

Ժողովականները մերժելի նկատեցին պետական եւ իրաւապահ մարմիններու ներգրաւմամբ իրականացուող ապօրինի գործողութիւնները եւ եկեղեցւոյ ներքին կեանքին հակասահմանադրական միջամտութիւնները։ 

ԳՀԽ արտայայտեց իր գնահատանքը փաստաբաններուն նկատմամբ՝ անոնց հետեւողական աշխատանքի՝ եկեղեցականներու եւ ազատազրկուած հայորդիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ ներդրուած կարեւոր ջանքերուն համար։ 

ԳՀԽ քննութեան առաւ Մասեացոտնի թեմի նախկին առաջնորդ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանի կարգազանց ընթացքը։ Արձանագրուեցաւ, որ ան վիճարկելով թեմական առաջնորդի պաշտօնէն ազատուելու եւ Մայրավանք վերադառնալու Հայրապետական տնօրինութիւնը՝ փաստացի դրժած է հնազանդութեան իր ուխտը եւ դատական հայց ներկայացուցած է ընդդէմ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի՝ պահանջելով վերականգնել առաջնորդական իր հանգամանքը։ ԳՀԽ անդրադարձ կատարեց նաեւ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանի հրապարակային ելոյթներու եւ յայտարարութիւններու մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, իր ծառայակից եկեղեցականներու եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հասցէին հնչեցուցած զրպարտիչ մեղադրանքներուն եւ խստօրէն դատապարտեց նման վարքագիծը՝ զայն գնահատելով եկեղեցական կարգի, կանոնական հնազանդութեան ու եկեղեցական միաբանութեան սկզբունքներու կոպիտ խախտում։ Ուստի, ԳՀԽ առաջարկեց, որպէսզի Վեհափառ Հայրապետը կարգալոյծ հռչակէ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանը։ 

Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս եկեղեցւոյ վերաբերեալ օրինագիծերու մասին զեկոյցով հանդէս եկաւ իրաւաբան փրոֆ. Գէորգ Դանիէլեան։ Մասնաւորաբար անդրադարձ կատարուեցաւ կալւածային եւ պատմամշակութային յուշարձաններու վերաբերեալ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը հակասեն գործող քաղաքացիական եւ ոլորտային օրէնսդրութեան հիմնախնդիրներուն, կը խախտեն սեփականութեան իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները եւ կը ստեղծեն անհիմն ենթադրութիւններ, իբր Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ պատմամշակութային յուշարձաններու օտարման վտանգի մասին։ Զեկոյցին մէջ ընդգծուեցաւ, որ յիշեալ օրէնսդրական նախաձեռնութիւնները, որոնք չունին իրական իրաւակարգաւորիչ անհրաժեշտութիւն, ուղղուած են սրբավայրերու եւ հոգեւոր-մշակութային յուշարձաններու անաղարտ պահպանութեան խնդիրներուն, չեն լուծեր որեւէ շօշափելի հանրային խնդիր եւ հիմնականին մէջ կը ծառայեն հակաեկեղեցական տրամադրութիւններու ձեւաւորման ու խորացման։ 

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի դիրքորոշումն է, որ ընդհանրապէս արգիլուի պատմամշակութային յուշարձաններու օտարումը՝ անկախ սեփանակութեան ձեւէն։

Ժողովի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Աւստրիոյ Սանկ Փոլթըն քաղաքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ նախատեսուած Եպիսկոպոսաց ժողովի կազմակերպման հարցերուն։ Որոշուեցաւ ձեւաւորել կազմակերպիչ յանձնախումբ մը՝ ժողովի նախապատրաստական եւ կազմակերպչական աշխատանքները համակարգելու նպատակով։ 

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը աւարտին հասաւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

*

ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ

Երէկ, Հայաստանի մէջ Նահատակներու յիշատակի եւ խոնարհումի օրն էր։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առթիւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի երդիքին տակ, եպիսկոպոսաց դասն ու ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին՝ յանուն հայրենիքի իրենց կեանքը զոհաբերած քաջորդիներու հոգիներու խաղաղութեան ու հանգստութեան համար։

Չորեքշաբթի, Յունուար 28, 2026