ԿԱՌՉԻՆՔ ՄԵՐ ՀՈՎԻՒԻՆ

Մեծ պահ­քի այս ճամ­բոր­դու­թիւ­նը հրա­շա­լի ա­ռիթ մըն է իւ­րա­քան­չիւր հա­ւա­տա­ցեա­լի հա­մար, կտրուե­լով աշ­խար­հէն եւ իր ա­կանջ­նե­րը գո­ցե­լով աշ­խար­հի աղ­մու­կին դի­մաց, բա­նալ զայն երկ­նա­յի­նին դի­մաց եւ լսել, թէ՝ «Ես եմ ի­րաւ [քաջ] հո­վի­ւը. քաջ հո­վի­ւը իր կեան­քը կու տայ ոչ­խար­նե­րուն հա­մար» (Յհ 10.11): Ա­յո՛, պա­հե­ցո­ղու­թեան այս շրջա­նը ա­ռիթ մըն է մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րիս գտնե­լու մեր Քաջ Հո­վի­ւը եւ հե­տե­ւե­լու Ա­նոր:

Սուրբ Գրի­գոր Տա­թե­ւա­ցին այս­պէս կը բա­ցատ­րէ այս հա­մա­րը.

* Խօսք. «Ե՛ս եմ ի­րաւ [քաջ] հո­վի­ւը» (Յհ 10.11):

Մեկ­նու­թիւն. այ­սինքն՝ բա­րի: Եւ այս է երկ­րորդ խօս­քը, որ կը ցուց­նէ, թէ Քրիս­տոս Աս­տուած է եւ էու­թեամբ ու մե­ծու­թեամբ Աս­տու­ծոյ հա­ւա­սար է, որ բո­լո­րին հո­վուու­թիւն կ՚ը­նէ բա­րի եւ քաջ հո­վուու­թեամբ, ինչ­պէս կ՚ը­սէ. «Ե՛ս եմ ի­րաւ [քաջ] հո­վի­ւը»: Մի՛ կաս­կա­ծիր նուաստ ա­նու­նին հա­մար, ո­րով­հե­տեւ միայն հո­վիւ չ՚ը­սեր, այլ՝ բա­րի, որ Աս­տու­ծոյ յա­տուկ է, ըստ այնմ. «Միայն Աս­տուած բա­րի է» (Ղկ 18.19): Նաեւ մար­գա­րէ­նե­րը հո­վիւ կը կո­չէին Հայ­րը, ըստ այնմ. «Ո՜վ հո­վիւդ Իս­րա­յէ­լի, նա­յէ՛ ու փրկէ՛ մեզ» (տե՛ս Սղ 79.2-4): Դար­ձեալ՝ ինչ­պէս Քրիս­տոս Ինք­զինք լոյս կը կո­չէ խա­ւա­րա­ծին հա­մար, եւ կեանք՝ մա­հա­ցա­ծին հա­մար, ու բժիշկ՝ հի­ւանդ­նե­րուն հա­մար, այդ­պէս ալ հո­վիւ կո­չուե­ցաւ ցրուած­նե­րուն հա­մար…:

Խօսք. «Ի­րաւ [քաջ] հո­վի­ւը իր կեան­քը կու տայ ոչ­խար­նե­րուն հա­մար» (Յհ 10.11):

Մեկ­նու­թիւն. չորս է ի­մա­ցու­մը. նախ՝ քա­նի որ ազ­նի­ւը ա­նար­գին հա­մար չի՛ մեռ­նիր, այլ՝ ա­նար­գը ազ­նի­ւին հա­մար կը մեռ­նի, այդ պատ­ճա­ռով հո­վի­ւը ոչ­խա­րին հա­մար չի մեռ­նիր, թէեւ կ՚աշ­խա­տի ու կը պա­հէ, այլ՝ ոչ­խա­րը մար­դուն հա­մար կը մեռ­նի, իսկ մար­դու հո­գին ա­ւե­լի ազ­նիւ է քան մար­մի­նը, այդ պատ­ճա­ռով հո­գի­նե­րուն հո­վի­ւը վա­յել­չա­բար կը դնէ մար­մի­նին կեն­դա­նու­թիւ­նը իր հօ­տի հո­գի­նե­րուն փրկու­թեան հա­մար: Երկ­րորդ. հա­կա­ռակ է չար հո­վիւ­նե­րուն, ո­րոնք ոչ­խար­նե­րը կը սպան­նեն, իսկ Ինք՝ կ՚ապ­րեց­նէ: Եր­րորդ. ո­րով­հե­տեւ մար­դոց փրկու­թեան հա­մար կը մեռ­նի, սա­կայն Ինք մա­հուան պար­տա­կան չէ, քա­նի որ մեղք չգոր­ծեց: Չոր­րորդ. քա­նի որ կա­մա­ւո­րա­բար եւ գի­տու­թեամբ կը մեռ­նի, ա­սի­կա նա­խա­պէս կ՚ը­սէ:

***

Կառ­չինք մեր Հո­վի­ւէն եւ վստա­հինք Ա­նոր ա­ռաջ­նոր­դու­թեան, զերծ մնա­լու հա­մար գայ­լե­րու յաձ­րա­կում­նե­րէն եւ ա­պա­հով ու անխ­ռով Երկ­նա­յին Փա­րախ մտնե­լու հա­մար:

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Վա­ղար­շա­պատ

Շաբաթ, Փետրուար 28, 2026