ԱՄՆ-ԷՆ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ՔՐԻՍ ՖԱՆ ՀՈԼԸՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսէն ծերակուտական Քրիս Ֆան Հոլըն նախընթաց օր տեսակցեցաւ Երուսաղէմի հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Ան լսեց Սուրբ Երկրի քրիստոնէական համայնքներու առկայ խնդիրները, որոնք միջազգային բեմահարթակի վրայ լուրջ ուշադրութեան կ՚արժանանան։ Հոգեւոր առաջնորդներու հետ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի Յունաց պատրիարքարանին մէջ։

Այս հանդիպման ընթացքին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը ներկայացուց Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Պաղտասարեան, որուն ընկերացաւ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգճեան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 28, 2025