ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԻՒՐԵՐ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ Աւետարանական եկեղեցւոյ արտերկրի եպիսկոպոս Ֆրանք Քոփանիայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան։ Վեհ. Հայրապետը զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ միջազգային հարթակներու վրայ եւ զանազան ընկերային կամ կրթական ծրագրերու շրջանակներէ ներս երկու եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած գործակցութեան՝ ի նպաստ հոգեւոր առաքելութեան զօրացման։
Նորին Սրբութիւնը հիւրերուն հետ քննարկեց նաեւ տարածաշրջանի իրադարձութիւններն ու առկայ մարտահրաւէրները։
Հիւր եպիսկոպոսը խօսեցաւ Գերմանիոյ հայոց թեմին հետ ձեւաւորուած յարաբերութիւններուն մասին, նաեւ վստահեցուց, թէ Հայաստանի համար այս դժուարին ժամանակահատուածին աղօթակից են հայ ժողովուրդին ու Հայոց Եկեղեցիին։