ԱՆՀԵՐՔԵԼԻ ՊԱՌԱԿՏՈՒՄ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին հերթական անգամ պառակտման մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւէ իր արդի պատմութեան մէջ։ Սա անհերքելի փաստ մըն է՝ Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Հայաստանի այժմու իշխանութիւններուն կողմէ եկեղեցւոյ ակնյայտ թիրախաւորումը արդէն նոր հարթութեան մը վրայ է։

Երէկ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց խումբ մը եպիսկոպոսներ։ Իշխանական վերնախաւէն դէմքեր օրուայ սկիզբին արդէն շրջանառութեան մէջ դրած էին 13 եպիսկոպոսի ստորագրութեամբ յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութիւնը ծայր աստիճան մտահոգիչ էր։ Անոնք պնդեցին, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը ջանայ փակել՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեանի՝ վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ դրուած գայթակղեցուցիչ տեսանիւթին վերաբերեալ թղթածրարը։ Համապատասխան լսումները եւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ նշանակուած յանձնախումբի անդամներու այդ ուղղութեամբ պահանջները նորութիւն չէին։ Յամենայնդէպս, Նորին Սրբութիւնը յարմար չէր դատած ընթացք տալ այդ սպասման։ Իսկ երէկուան յայտարարութեան մէջ տուեալ եպիսկոպոսները Վեհափառ Հայրապետը ամբաստանեցին՝ եկեղեցին «ուղիղ վարդապետութեամբ» հովուելու ուղղութեամբ թերացումով։ Այս ծանրակշիռ իրավիճակին մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ խումբ մը եպիսկոպոսներու հանդիպումը։ Յիշեալ յայտարարութիւնը ստորագրած սրբազաններու շարքին մասնաւորապէս ուշադրութիւն կը գրաւեն՝ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։

Վարչապետ Փաշինեան, որ վերջին շաբաթներուն զանազան եկեղեցիներ կ՚այցելէր կիրակի օրը, այս շաբաթավերջին ալ պիտի գտնուի Երեւանի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրները երէկ այս յայտարարութիւնը ըրին՝ յիշեցնելով, որ վարչապետը մկրտուած է այնտեղ։ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեանի երէկուայ հանդիպման մասնակցութեան տրամաբանական շարունակութիւնն է այս մէկը։ Հարկ է նշել, որ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն է։ Փաշինեան եպիսկոպոսներու հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ պետութիւններու արժէքահէն ըլլալու հանգամանքին։

Այս բոլորի լոյսին տակ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, ըստ էութեան, լռութիւն կը պահէ այս պահու դրութեամբ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տ. Եսայի Քհնյ. Արթենեան օրուայ սկիզբին հրապարակուած եպիսկոպոսներու յայտարարութիւնը որակեց՝ «խեղաթիւրումներով շարադրուած թեքստ» մը։ Սուրբ Էջմիածնի առանձին միաբաններ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս կու գան գրառումներով, որոնք, անշուշտ, չեն կրնար ի զօրու ըլլալ պաշտօնական յայտարարութեան մը։

Հայկական լրահոսին մէջ յաճախակիօրէն տեղ կը գտնեն վերլուծաբաններու կարծիքներ, որոնք հաւանական կը նկատեն ծայրայեղ վարկածները։ Թէեւ բոլորը կը շեշտեն, որ իշխանութիւնները կը յաջողին Վեհափառ Հայրապետին շուրջ օղակը սեղմել, սակայն, տակաւին եկեղեցական առումով օրինական ու կանոնական ձեւով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի փոփոխութեան մը հեռանկարը կամ բանաձեւումը յստակացնել դժուար ըլլալ կը թուի։ Դէտերը կը շեշտեն, որ Հայոց Հայրապետը անպայման պէտք է խնայուի եւ պէտք է պաշտպանուի հրաժարականի սպառնալիքներու դէմ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 28, 2025