ԿԱՐԵՒՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Հայ Երուսաղէմէ ներս վերջերս կարեւոր նախաձեռնութիւն մը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։ Այսպէս, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը հետեւողական քայլեր կ՚առնէ՝ մշտական արժէքներու պահպանման ուղղութեամբ։ Այս տրամաբանութեան մէջ, Ս. Թէոդորոս ձեռագրատան պարագային վերանորոգման ծրագիր մը սկսած էր եւ այդ մէկը ի կատար ածուեցաւ՝ ներկայ տարեմուտին կազմակերպուած պաշտօնական բացման արարողութեամբ։ Ս. Թէոդորոս ձեռագրատան նոր յարկը յաւելեալ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ Երուսաղէմի հայկական ձեռագիր մատեաններու երաշխաւորման տեսակէտէ։ 

Բացման արարողութիւնը հովանաւորեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան, որ ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամը։ Ձեռագրատան բակին մէջ համախմբուածներու շարքին էին նոր յարկաբաժնի բարերարները՝ Ճերալտ, Չարլզ եւ Ռիչըրտ Տեմիճեանները եւ նոյն ընտանիքի այլ անդամներ, որոնց նուիրատուութեամբ կարելի դարձաւ ձեռագրատան նոր յարկաբաժնի յարդարումը, վերազարդարումը եւ նորոգութիւնը։ Հաւաքոյթի ընթացքին յանուն Տեմիրճեան ընտանիքին խօսք առաւ բարերարներէն Չարլզ Տեմիրճեան։ Ելոյթներէն վերջ Չարլզ Տեմիրճեան եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը միասնաբար հատեցին խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը։ 

Հարկ է նշել, որ Երուսաղէմի հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքի Ս. Թէոդորոս ձեռագրատունը չորս հազար հայերէն ձեռագիր մատեաններու հաւաքածոյ մը ունի։ Երեւանի Մատենադարանէն վերջ, այս հաւաքածոն աշխարհի վրայ թիւով երկրորդն է՝ ծաւալի մեծութեամբ։ Ս. Թէոդորոս ձեռագրատան տեսուչն է Տ. Արշակ Աբեղայ Ղազարեան։

Հինգշաբթի, Յունուար 29, 2026