ՀՌՈՄԻ ՔՈԼՈՍԷՈՒՄԻՆ ՄԷՋ ՀԱՄԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ. «ՍՈՒՐԲ Է ՄԻԱՅՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ»
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Հռոմի մէջ մասնակցեցաւ «Քրիստոնեաներու աղօթք»ին, որ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ Քոլոսէումի մէջ։ Այս աղօթքը բնորոշեց Ս. Էճիտիօ միաբանութեան տարեկան հաւաքի եզրափակիչ փուլը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ս. Էճիտիօ միաբանութեան այս տարուան հաւաքը կազմակերպուած էր՝ «Քրիստոնեաներու միութիւն. վերագտնել ճանապարհը» կարգախօսով։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցութիւն բերած էր՝ «Համարձակիլ խաղաղութեան. միջազգային հաւաք խաղաղութեան համար» խորագրեալ լիագումար նիստին, որու ընթացքին ունեցած էր ելոյթ մը։
Քոլոսէումի մէջ երէկ կատարուած էքիւմենիք աղօթքին հանդիսապետեց Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը, որու կողքին էին Ս. Էճիտիօ միաբանութեան կազմակերպած հաւաքի մասնակից քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները։ Բոլորը աղօթեցին աշխարհի խաղաղութեան եւ սիրոյ մթնոլորտի գերիշխանութեան համար։ Այլ կրօններու ներկայացուցիչներն ալ իրենց աղօթքները բարձրացուցին Քոլոսէումի պատմական հոյակերտ համալիրէն ներս։
Արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ էին Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան եւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Թէ՛ Ուղղափառ եւ թէ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ միացան այս աղօթքին։ Կաթոլիկ եկեղեցիին կողմէ ալ կար լայն մասնակցութիւն՝ մանաւանդ, որ աշխարհի զանազան երկիրներէ կարտինալներ կամ եպիսկոպոսներ աղօթակիցներու շարքին կը գտնուէին։ Միջեկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներն ալ միացած էին Քոլոսէումի արարողութեան։
Միասնական աղօթքի աւարտին բոլոր մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Քոնստանդինոս կամարը, որ կը գտնուի Քոլոսէումի համալիրի հարեւանութեամբ։ Այստեղ հաւաքուած էին աշխարհի տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներ։ Աւելի քան հինգ հազար հոգիի համախմբումով բարձրաձայնուեցաւ խաղաղութեան ձգտումը։
Սրբազան Պապն ալ այս փուլին փոխանցեց իր պատգամը, որու ընթացքին յայտնեց, թէ բաւ պէտք է համարուին պատերազմները։ Իր խօսքով՝ սուրբ է միայն խաղաղութիւնը, զոր կը պահանջէ Աստուած։ Սրբազան Պապը համայն մարդկութիւնը հրաւիրեց յաղթահարելու այն ժամանակաշրջանը, որու վրայ դրոշմուած է պատերազմներու եւ ուժի բռնապետութեան կնիքը։ Ան յայտնեց, որ խաղաղութեամբ պիտի գրուի նոր պատմութիւն մը միայն այն ատեն, երբ մարդոց սրտերը բաց ըլլան սիրոյ եւ արդարութեան առջեւ։
Արարողութեան աւարտին յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ՝ ի յիշատակ պատերազմներու զոհերու։
Միւս կողմէ, Իտալիոյ մէջ գտնուելու առիթէն օգտուելով, երէկ, Նորին Ամենապատուութիւնը քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Հռոմի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Էլիֆ Իւլկէնին։
