Կիրակի 11, Յունուար 2026
ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԱՅՑ՝ ՖԷՆԷՐ
Երէկ, Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այցելութիւն մը տուաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ֆէնէրէ ներս ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ յունաց պատրիարքին կողմէ։ Երկու հոգեւոր առաջնորդները եղբայրական, սիրալիր զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին տարեմուտի առթիւ։ Անոնք իրարու օրհնութիւն յղեցին՝ փոխանցելու համար իրենց հաւատացեալ հօտին։
Ֆէնէրի մէջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուխտի աղօթքն ալ կատարեց յունաց պատրիարքարանի համալիրի Ս. Գէորգ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Շաբաթ, Յունուար 3, 2026